ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Երէկ, յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ նորանշանակ դեսպան Հասան Մուրատ Մերճանը։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ եղան նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Դեսպան Հասան Մուրատ Մերճան նախապէս եղած է Ազգային մեծ ժողովի պատգամաւորներէն եւ մօտաւորապէս երեք տարիէ ի վեր կը պաշտօնավարէր որպէս  Թոքիոյի մօտ դեսպան։ Ան նախքան իր նոր պաշտօնին ձեռնարկելը, փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Թուրքիոյ հայոց հոգեւոր կեդրոնը։ Սոյն այցելութիւնը առիթ ընծայեց, որ Նորին Ամենապատուութիւնը դեսպանին հետ զրուցէ ինչ-ինչ նիւթերու մասին եւ յատկապէս անդրադառնայ հայ համայնքի պատմականին։

Հանդիպման աւարտին Հասան Մուրատ Մերճան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրասիրութեան համար։ Իսկ Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց դեսպանին՝ իր յետագայ դիւանագիտական գործունէութեանց մէջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2021