ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԵՐԵԿՈՅԹ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ այս երեկոյ տեղի կ՚ունենայ գիրքի ներկայացման հաւաքոյթ մը։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի համատեղ նախաձեռնութեամբ վերջերս հրատարակուած՝ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի «Կեանքը որ կ՚ապրինք» յօդուածներու ժողովածոն կը ծանօթացուի գրասէրներուն։ Պատրիարքարանի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին կը յաջորդէ այս յատկանշական ձեռնարկը. յատկանշական, որովհետեւ հատորին մասին խորհրդածութիւններով հանդէս կու գայ բանասէր Վարանդ Քորթմոսեան, որ մասնագիտական աշխատանքով կազմած է այս գիրքը։

Ինչպէս հաղորդած էինք, Վարանդ Քորթմոսեան այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը գտնուի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրութեան հրաւէրին ընդառաջ։ Ան թերթիս աշխատակիցն է եւ իր հիւթեղ գրիչով յաջողած է գրաւել մեր ընթերցողներուն սիրտը։ Իր կեցութեան առիթը լաւագոյնս արժեւորելու նպատակով, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան մտայղացումը ունեցած է նման ծրագիր մը մշակելու եւ այդ մէկը կեանքի կը կոչուի այսօր երեկոյեան՝ «Ս. Աստուածածնայ ուխտի շաբթուան» ծիրէն ներս։ Վարանդ Քորթմոսեան, որ միեւնոյն ժամանակ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի պատասխանատուներէն է, Գնալըի բարձունքին գիրքը կը ներկայացնէ կենդանի հարցազրոյցի մը ձեւաչափին մէջ։ Զրոյցը կը վարէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի գիրքէն ընթերցումներով հանդէս կու գայ յայտնի թատերական գործիչ Արամ Կոստանեան։ Երեկոյթի յայտագիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած երիտասարդներու երաժշտական կատարումները։

Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան, որ մասնագիտութեամբ իրաւաբան է, երկար տասնամեակներէ ի վեր կ՚արտադրէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ։ Այդ տասնամեակներու պատկառելի տոկոսի պարագային արտադրութիւնը եղած է ամենօրեայ դրութեամբ, սիւնակագրութեան ձեւաչափով։ Իր գրութիւնները այնքան փնտռուած են մեր ընթերցողներուն կողմէ, որոնք տարիներ շարունակ զինքը ողջունած են՝ որպէս իսկական ուղեցոյց մը, որ կը մատնանշէ առօրեայի տաղտուկին մէջ հոգեւոր-բարոյական արժէքներու տեղ բանալու անհրաժեշտութիւնը, ձեւն ու մանաւանդ՝ ճանապարհը։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը տեղին մտայղացումով մը փափաքած է տէր հօր յօդուածներէն հատընտիր մը կազմել՝ հաշուի առնելով, որ ան մեր հոգեւորականաց դասու անդամներու շարքին համբաւ ու գնահատանք ձեռք բերած է մտաւորական կարողութիւններով։ Այդ բոլորէն վերջ Վարանդ Քորթմոսեանի աշխատանքը իսկապէս եղած է կատարեալ՝ հեղինակ տէր հօր վաստակը արժեւորելու եւ անոր ծաւալուն արտադրանքի նմոյշները գիրքի ձեւաչափով մատուցելու տեսակէտէ, ինչ որ դուռ բացած է մշտական արժէքի մը գոյացման։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022