ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ գործակից ընկերները։ Ատենապետ Էօզֆուրունճու թէեւ համայնքային կեանքէն ներս փորձառու դէմք մըն է, սակայն, այժմ կը գլխաւորէ թաղային խորհուրդի նորընտիր կազմը։ Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Եշիլգիւղի վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Ուստի, սա պիտի ըլլայ նորընտիր թաղային խորհուրդի պաշտօնավարութեան շրջանի առաջին սիրոյ սեղանը։

Հաճելի զրոյցին տեւողութեան հիւրերը բացատրութիւններ տուին դպրոցի վիճակին, թաղի այժմու կարիքներուն եւ կալուածական նիւթերու շուրջ։ Քանի Եշիլգիւղը մեր հայահոծ թաղերու շարքին կը դասուի, նորընտիր թաղային խորհուրդը կը նախատեսէ այդ ներուժը օգտագործել նպատակասլաց եւ ապահովել նոր կենսունակութիւն։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Եշիլգիւղի սիրոյ սեղանին համար։  

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2023