ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Դ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ս.Փ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վնարժարանի չորրորդ դասարանի սաները վերջերս այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Աշակերտներու խումբը գլխաւորեցին վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ ուսուցչուհի Մելիսա Թուրաչ Պալչըք։ Խումբը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորուեցաւ հիւանդանոցի պատասխանատուներուն կողմէ։ Տղաքը շրջայց մը կատարեցին ծերանոցին մէջ, ուր արժանացան ջերմ վերաբերմունքի։ Անոնք յայտագիր մըն ալ պատրաստած էին հիւանդանոցի մշտական բնակիչներուն համար։ Այդ յայտագիրը գործադրուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ, ինչ որ խոր տպաւորութիւն թողուց մնայուն բնակիչներուն վրայ։ Տղաքը ծերանոցի բնակիչներուն նուիրեցին նաեւ իրենց հետ տարած ուտեստեղէնները։

Ծերանոցէն վերջ արամեանցի աշակերտները այցելեցին նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պետրոս Շիրինօղլու» թանգարանը։ Այս փուլն ալ շատ հետաքրքրական էր իրենց համար։ Թանգարանէն ներս անոնք մասնաւորապէս հետաքրքրութիւն ցոյց տուին բժշկական հին գործիքներու նկատմամբ։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ այս փուլին ողջունեց արամեանցի աշակերտները, որոնց մաղթեց յաջողութիւն։

Շաբաթ, Յունուար 12, 2019