ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԻՍՔԵՆՏԷՐՈՒՆԻ Ս. ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր հիւրընկալուեցան Թուրքիոյ Կաթոլիկ եպիսկոպոսներու ժողովին մասնակիցները։ Գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քահանայ Թապաշեան այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ընդունեց քոյր եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչները։ Ներկայ էին նաեւ տեղւոյն ծխական խորհուրդի անդամները։

Հարկ է նշել, որ Թուրքիոյ Կաթոլիկ եպիսկոպոսներու ժողովը վերջին օրերուն գումարուեցաւ Իսքենտէրունի մէջ՝ Անատոլուի Պապական նուիրակ Մոնս. Փաոլօ Պիցեթթի Եպիսկոպոսին գլխաւորութեամբ։ Մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Ժողովականները փափաքած էին եղբայրական այցելութիւն մը տալ տեղւոյն հայկական եկեղեցին, ուր բոլորը Ս. Ծնունդի տօնական շրջանին միասնաբար գոհաբանական աղօթք վերառաքեցին առ Աստուած։

Տ. Աւետիս Քահանայ Թապաշեան հիւրերուն փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ողջոյնները։ Տէր հայրը տեղեկութիւններ տուաւ Իսքենտէրունի եկեղեցւոյ եւ շրջանի հայ համայնքին մասին։

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2023