ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ՝ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՇՐՋԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարով բնորոշուած անցեալ շուրջ միամեայ ժամանակաշրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առաջնահերթութեան վերածուեցաւ ընկերային զօրակցութեան շարժումը։ Համայնքէն ներս յանկարծ արտասովոր կարիքներ գոյացան եւ անոնք դարձան հրատապ՝ համաճարակով պայմանաւորուած առողջապահական եւ ընկերատնտեսական ծանր խնդիրներուն հետեւանքով։ Պատրիարքական Աթոռը անմիջապէս արձագանգեց իրավիճակին եւ փորձեց համայնքէն ներս համապատասխան մթնոլորտ ձեւաւորել՝ համարժէք քայլերով դիմագրաւելու նպատակով ստեղծուած մարտահրաւէրները։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ եւ հայրական միջամտութեամբ շարժման անցուեցան համայնքի լծակները, ի գործ դրուեցան հնարաւորութիւնները եւ այս ամբողջին արդիւնքը իսկապէս եղաւ թէ՛ ողջունելի եւ թէ գնահատելի։ Զօրակցութեան շարժումը ունեցաւ կարելի չափով շօշափելի դրսեւորումներ եւ այդ արդիւնքները համաճարակի ծանր ժամանակաշրջանին, միեւնոյն ժամանակ, լաւատեսութեան պատուհան մը բացին թրքահայութեան առջեւ։

Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները շուրջ տարիէ մը ի վեր յառաջ տարուած այս բազմակողմանի աշխատանքներուն կապակցութեամբ հրապարակեցին տեղեկագիր մը։ Ինչպէս ծանօթ է, մասնաւոր յանձնախումբի մը կողմէ յառաջ տարուած այս գործունէութիւնը արդէն համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած էր երկար ժամանակէ ի վեր։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Գումգաբուի կողմէ հրապարակուած տեղեկագիրը։

*

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմուած Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը կը շարունակէ ծաւալել օգտաշատ գործունէութիւն։ Յանձնախումբի վարիչները 2020 թուականի մարտէն սկսեալ եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու եւ բարերարներու ներդրումով համավարակի շրջանին իրականացուցած օժանդակութեան գործունէութեան առաջին տարուան մանրամասնեալ տեղեկագիրը ներկայացուցին Նորին Ամենապատուութեան։

Ըստ ներկայացուած տեղեկագրին՝ արտասահմանէ գաղթած, անգործութեան մատնուած, ընկերային ապահովութենէ զուրկ եւ հետեւաբար դժուար կացութեան մէջ գտնուող շուրջ 2 հազար ընտանիքի առօրեայ կարիքներու դիմագրաւման համար որպէս օժանդակութիւն յանձնուած է 6.483 պարէնի տուփեր։ Բացի այս յատկացումներէն, եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու ներկայացուցած 276 ընտանիքի ընդհանուր ցանկին ընդլայնումովը, 420 ընտանիքի օժանդակութիւն յատկացուած է տարուան ընթացքին 6 անգամ ըլլալու պայմանաւ։ Բաց աստի, հեռակայ դրութեամբ կրթական գործունէութեան ենթակայ մեր զաւակներէն կարիքաւոր աշակերտներու կարիքները դիմագրաւելու նպատակաւ յանձնուած են 243 համակարգիչներ։

Յանձնախումբի վարիչները նաեւ տեղեկութիւն փոխանցեցին 2021-ի համար իրենց առաջադրած ծրագիրներու մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց կամաւոր եւ փոխադարձ վստահութեան հիման վրայ գործող յանձնախումբի անդամներուն, իրենց սատար հանդիսացող բարերարներուն եւ հայրական աղօթքներով օրհնեց բոլորը։

Ուրբաթ, Մարտ 12, 2021