ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան հանդէս մը։ Մանկապարտէզի փոքրիկներուն կողմէ պատրաստուած յայտագիրը մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ դպրոցէն ներս։

Հանդէսի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, որ շնորհաւորութիւններ յղեց բոլոր մայրերուն։ Մանկապարտիզպանուհիներ Սիպիլ Հայրանեանի եւ Ռիթա Մարտինեանի հսկողութեան տակ պատրաստուած էր յայտագիրը, որու տեւողութեան իրենց ունեցած ելոյթներով փոքրիկները արժանացան ծափահարութիւններու։ Մանկապարտէզի փոքրիկները նուէրներ ալ յանձնեցին իրենց մայրերուն։

Հանդէսի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որ յատկանշուեցաւ փոքրիկներու կողմէ իրենց մայրերուն նկատմամբ սիրոյ արտայայտութիւններով։

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018