ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՀԱՆԴԷՍ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը տուն դար­ձաւ ման­կա­պար­տէ­զի դա­սա­րան­նե­րու տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ յետ­մի­ջօ­րէին վար­ժա­րա­նի հան­դի­սաս­րա­հին մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ Մխի­թա­րեան հայ­րե­րու՝ Մագ. Հ. Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէ­նի եւ Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­նի, հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պերճ Մեն­զիլ­ճիօղ­լուի, Մա­տա­կա­րար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ եւ ան­դամ­նե­րուն, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սուց­չաց կազ­մին եւ ծ­նող­նե­րու:

Հան­դէ­սին սկիզ­բը կա­տա­րուե­ցաւ պաս­տա­ռի ցու­ցադ­րու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին կը ցո­լա­նա­յին փոք­րիկ­նե­րուն Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ապ­րում­նե­րէն յատ­կան­շա­կան դրուագ­ներ: Պաս­տա­ռի ցու­ցադ­րու­թեան յա­ջոր­դեց  ման­կա­պար­տէ­զի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րու՝ «գոր­տիկ­նե­ր»ու հան­դի­սա­ւոր մուտ­քը հան­դի­սաս­րա­հէն ներս: Փոք­րիկ­նե­րը պա­րե­գօտ եւ գ­դակ­նե­րով տեղ գրա­ւե­ցին բե­մին վրայ եւ այս­պէս՝ պար­զե­ցին գե­ղե­ցիկ տե­սա­րան մը: Բե­մը՝ ան ալ ու­րիշ գլուխգոր­ծոց մըն էր, ծայ­րէ ի ծայր զար­դա­րուած էր խո­տե­րով, կա­նա­չու­թիւն­նե­րով և գոր­տիկ­նե­րու վե­րա­ծուած ման­կա­պար­տէ­զի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րու նկար­նե­րով: Հան­դէ­սը շա­րու­նակուե­ցաւ Մխի­թա­րեանի քայ­լեր­գով, որ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ մեկ­նա­բա­նուե­ցաւ փոք­րիկ­նե­րուն կող­մէ: Տղա­քը հա­յե­րէն, թըր-քե­րէն եւ անգ­լե­րէ­նով ող­ջու­նե­ցին հրա­ւի­րեալ­նե­րը: Տղոց այս ինք­նա­բուխ ե­լոյթ­նե­րուն յա­ջոր­դեց ի­րենց դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­հի Ար­շա­լոյս Ուն­ճուի ու­ղեր­ձը: Ան ար­տա­յայ­տեց իր ան­հուն սէ­րը իր փոք­րիկ գոր­տիկ­նե­րուն հան­դէպ, ա­նոնց յղե­լով շնոր­հա­ւո­րու­թեան եւ յա­ջո­ղու­թեան ա­մե­նա­ջերմ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը: Յե­տոյ տղա­քը մէ­կիկ մէ­կիկ բեմ հրա­ւի­րե­ցին ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րը ու ա­նոնց յանձ­նե­ցին խորհր­դան­շա­կան նուէր­ներ: Իսկ տղաքն ալ ի­րենց վկա­յա­կան­նե­րը ստա­ցան ու­սու­ցիչ­նե­րու ձե­ռամբ:

Վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թու­թեան տնօ­րէ­նու­հի Գա­թիա Վար­կը եւս հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը: Ան ալ իր կար­գին շնոր­հա­ւո­րեց տղա­քը, յե­տոյ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի­նե­րուն՝ Ար­շա­լոյս Ուն­ճուին, օգ­նա­կան ու­սուց­չու­հի Մա­րալ Կիւլ­պայ­ծա­ռին եւ ամ­բողջ ման­կա­պար­տէ­զի անձ­նա­կազ­մին, նաեւ տղոց այլ  ու­սու­ցիչ եւ ու­սուց­չու­հի­նե­րուն:

Յա­նուն ման­կա­պար­տէ­զի ծնող­նե­րու խօսք ա­ռաւ Լո­րա Սաք­ման, որ ար­տա­յայ­տեց իր ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րը Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի եւ ու­սու­ցիչ­նե­րու նկատ­մամբ, ո­րոնք հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար ի­րենց ներդ­րու­մը բե­րած էին ի­րենց մէկ հա­տիկ զա­ւակ­նե­րուն մտա­ւոր ու հո­գե­ւոր զար­գաց­ման: Ա­պա ման­կա­պար­տէ­զի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ու­րա­խու­թեան բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով ի­րենց գդակ­նե­րը ար­ձա­կե­ցին օ­դին մէջ:

Տղա­քը եր­գե­ցին ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Շու­շան Գա­լա­թա­շի մա­կա­նին ներ­քեւ, կա­տա­րե­ցին նաեւ անգ­լե­րէ­նով ար­տա­սա­նու­թիւն­ներ անգ­լե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­ներ Ի­լո­նա Քիւ­չիւք­րէի­սեա­նի եւ Փո­լին Մա­վու­նա­ճըի հսկո­ղու­թեամբ:

Այս բո­լո­րին յա­ջոր­դեց գոր­տիկ­նե­րուն, դօ­դօշ­նե­րուն և նու­նու­ֆար­նե­րուն սի­րուն պա­րե­րը: Վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի Ռե­հան Եա­ղեա­զանն էր, որ ստանձ­նած էր պա­րու­սոյ­ցի պաշ­տօ­նը, ա­մէն մէկ պա­րի հա­մար ի գործ դնե­լով իր բարձր ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը:

Վեր­ջին պարն էր ան­շուշտ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին ա­ւան­դա­կան վալ­սը: Աղ­ջիկ­նե­րը ճեր­մակ թի­թեռ­նիկ­նե­րու նման, իսկ ման­չե­րը ի­րենց սեւ պաշ­տօ­նա­կան զգեստ­նե­րուն մէջ կրկին մուտք գոր­ծե­ցին հան­դի­սաս­րա­հէն ներս եւ պա­րե­ցին մեծ վար­պե­տու­թեամբ:

Իր սրտի խօս­քը ար­տա­սա­նե­լու հա­մար բեմ բարձ­րա­ցաւ Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, որ տղոց մաղ­թեց յա­ջո­ղու­թիւն ի­րենց հե­տա­գայ ուս­ման կեան­քին մէջ: Վար­դա­պե­տը անդ­րա­դառ­նա­լով տղոց յա­ջո­ղու­թեան, գնա­հա­տեց ման­կա­պար­տէ­զի յար­կէն ներս ա­նոնց ամ­բա­րած այ­լա­զան գի­տե­լիք­նե­րը աւ դեռ այդ փոքր տա­րի­քէն ան­ցեա­լը վեր­յի­շե­լու ի­րենց կա­րո­ղու­թիւ­նը:

 Հան­դէ­սի ա­ւար­տին ներ­կա­նե­րը ան­ցան վար­ժա­րա­նի սե­ղա­նա­տու­նը, ուր  Ծնո­ղաց միու­թեան կող­մէ սար­քուած էր ըն­դու­նե­լու­թիւն մը: Ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կերտ­նե­րը եւ ու­սու­ցիչ­նե­րը միաս­նա­բար կտրե­ցին շրջա­նա­ւար­տու­թեան ծա­ղը: Տղա­քը նկա­րուե­ցան, ա­զա­տօ­րէն խա­ղա­ցին ու պա­րե­ցին: Իսկ ի­րենց ծնող­նե­րը յի­շե­լով Մխի­թա­րեա­նի ման­կա­պար­տէ­զի յար­կէն ներս ի­րենց հո­գե­հա­տոր­նե­րուն կա­տա­րած կրթա­կան ճա­նա­պար­հը, ապ­րե­ցան յու­զում­նա­խառն պա­հեր:

 

 

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015