«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ՇԱԲԱԹ՝ ԵԼՈՅԹ ԵՐԵՒԱՆԻ ՕՓԵՐԱՅԻՆ ՄԷՋ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը այցելութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Հայաստան։ Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան մօտաւոր անցեալի 70-ամեայ յոբելենական շրջանին կազմակերպուած ծրագրին կրկնութիւնը յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ։ Իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնին դադարով պայմանաւորուած արձակուրդի օրերը արժեւորելով Հայաստան կը մեկնի համոյթը։

Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ կազմի որոշ անդամներ այսօր երեկոյեան Թիֆլիզի վրայով կ՚ուղեւորուին Հայաստան։ Իսկ վաղը առաւօտ, Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով պիտի ճամբորդեն կազմի մնացեալ անդամները՝ առաջնորդութեամբ գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքանի։ Նկատի ունենալով, որ արձակուրդի շրջանին օդանաւերու մէջ տեղ գտնելը եղած է դժուար, մեկնումի պարագային ծագած է այսպիսի ստիպողութիւն մը։ Համոյթի անդամները յառաջիկայ Կիրակի միասնաբար պիտի վերադառնան քաղաքս։

«Մարալ» համոյթը վաղը յետմիջօրէի ժամերուն հասած պիտի ըլլայ Երեւան եւ օրուան տեւողութեան պիտի ունենայ ազատ ծրագիր։ Հինգշաբթի, 14 Յունիսին խումբը փորձ մը պիտի իրականացնէ նուագախումբին հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին տարիներուն «Մարալ» միշտ կը համագործակցի նուագախումբի մը հետ, որ կը գտնուի Երեւանի մէջ։ Նոյն օրը գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ համոյթէն քանի մը պատասխանատուներ քաղաքավարական այցելութիւն մը պիտի տան Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին։

Ուրբաթ, 15 Յունիսին, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս պիտի կատարուի փորձ մը։ Շաբաթ, 16 Յունիսին, ժամը 19.00-ին, Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենայ «Մարալ»ի ելոյթը։ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը խորագրուած է՝ «Անոնց երգերը պար էին, պարերը երգ»։ Համոյթը հանդէս պիտի գայ ընկերակցութեամբ նուագախումբի մը, որու գլուխը կը գտնուի Հայկ Գրիգորեան։

Ելոյթէն վերջ եւ յաջորդելիք Կիրակի օրուան առաջին կէսին խումբը պիտի ունենայ ազատ ժամանակ։

«Մարալ» 61 հոգիէ բաղկացեալ կազմով մը կը մեկնի Հայաստան։ 56 հոգին արդէն կը բաղկանայ պարողներէ։ Մնացեալները համոյթի պատասխանատուներն են։ «Մարալ»ի այժմու կազմին տեսակէտէ այս ուղեւորութիւնը ունի մեծ նշանակութիւն։ Արդարեւ, 56 պարողներէն 45-ը առաջին անգամ պիտի այցելեն Հայաստան ու պիտի պարեն այնտեղ։ Սա արդէն ամբողջութեամբ երկրորդական կը դարձնէ այն հանգամանքը, թէ Իսթանպուլի մէջ գործադրուած ծրագրի մը կրկնութիւնը պիտի ներկայացուի այնտեղ։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, հաւանական է, որ «Մարալ»ի ներկայացուցիչները կեցութեան օրերուն քաղաքավարական այցելութիւն մը տան նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցին։

Երեքշաբթի, Յունիս 12, 2018