ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Փորձառու ելմտագէտ եւ վաստակաւոր համայնքային գործիչ Եդուարդ Գովանի կողմէ պատրաստուած եւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ հրատարակուած «Թրքերէնէ հայերէն ասութիւններու այժմէական բառարան»ը երէկ երեկոյեան փայլուն հաւաքոյթով մը հանրութեան ներկայացուեցաւ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Շնորհանդէսին նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Ներկայ էր նաեւ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։
Երեկոյթին յայտագիրը գործադրուեցաւ Մարիամ Տրամէրեանի հանդիսավարութեամբ։ Հեղինակին մասին արտայայտուեցան Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, «Մարմարա»ի խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան։ Ներկաները մեծ հաճոյքով ունկնդրեցին Սիլվա Կոմիկեանի ասմունքին։ Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան Լիւսի Գահվէճիօղլու եւ Սիրուն Սիրունեան։ Փոքրիկներ Ալիսիա, Ալեքս եւ Արսէն Գովաններն ալ ծափահարութիւններ խլեցին արտասանութիւններով։
Շնորհանդէսը Գովանի համար մեծարանքի հանդիսութեան մը բնոյթը ունէր։ Այս մթնոլորտին մէջ Եդուարդ Գովան արտասանեց սրտի խօսքը եւ ստացաւ յուշանուէրներ։
Ձեռնարկի աւարտին կարկանդակ մը հատուեցաւ ի պատիւ Եդուարդ Գովանին եւ յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին բոլոր ներկաները զինքը շրջապատեցին՝ փոխանցելով շնորհաւորութիւններ։