ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2022-2023 կրթական շրջանը դիմաւորուեցաւ մեծ ոգեւորութեամբ։ Վերամուտի օրը ամբողջ դպրոցը համակուած էր տօնական տրամադրութեամբ։ Հանդէսին ներկայ էին նաեւ Թոփգաբուի ընտանիքի պատասխանատուները։ Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան նոր շրջանի առաջին օրը հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու ընթացքին բոլորին ջերմ շնորհաւորութիւններ յղեց վերամուտի բերումով եւ յաջողութիւն մաղթեց աշակերտներուն եւ կրթական մշակներուն։ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2022