Հինգշաբթի 6, Փետրուար 2025
ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԷՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու վերջին օրերուն կորսնցուց իր մայրը՝ Սերվէթ Սոյլուն, որ 75 տարեկան էր եւ միջոցէ մը ի վեր կը տառապէր հիւանդութենէ։ Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը, որուն մասնակցեցան Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ պետական աւագանիէն գրեթէ բոլոր յառաջատար դէմքերը։ Նախագահ Էրտողան ողբացեալին դագաղը կրեց նախարար Սոյլուի հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ շաբաթավերջին ցաւակցական մը ուղարկեց Սիւլէյման Սոյլուին։
Միւս կողմէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին արագ ապաքինում մաղթեց Թուրքիոյ Կրօնից տեսուչ փրոֆ. Ալի Էրպաշին, որ դարմանման տակ առնուած է վարակուած ըլլալով քորոնաժահրով։
Երկուշաբթի, Մարտ 15, 2021