Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԵՐԵՒԱՆ
Կը տեղեկանանք, որ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Անձնական բնոյթով ուղեւորութիւն մըն է այս մէկը։ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսման զուգահեռ նորին սրբազնութիւնը արդէն առաջին ուղեւորներու շարքին մաս կազմած է։ Իր կեցութեան օրերուն ան կը շփուի Հայաստանի շրջանակին հետ։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան յառաջիկայ ուրբաթ երեկոյեան պիտի վերադառնայ քաղաքս՝ նոյնպէս ուղիղ թռիչքով, որ կը կազմակերպուի «FlyOne Armenia» ընկերութեան կողմէ։
Չորեքշաբթի, Փետրուար 16, 2022