ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ իր գործակից ընկերներէն Տքթ. Վարդգէս Պէյլէրեանն ու Մինաս Գաբուսուզը։ Այս շաբաթավերջին պիտի սարքուի Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը, որու ընդառաջ խնամակալութեան ներկայացուցիչները փութացած էին տեղեկութիւններ փոխանցելու տարուած պատրաստութիւններուն շուրջ։ Այս տարի եւս Կեդրոնականի սիրոյ սեղանը կը սարքուի՝ դպրոցի երբեմնի սաներէն Հայկ Ասլանեանի գլխաւորութեամբ։ Զրոյցի ընթացքին խնամակալները նշեցին, որ Կեդրոնական վարժարանը այս տարի եւս նիւթական լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ եւ անոնց յաղթահարման համար կ՚ապաւինի համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան։

Սիրոյ սեղանի ընդառաջ համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած են նաեւ զանազան լուրեր, ըստ որոնց Կեդրոնականի Տոլափտերէի տարածքի արժեւորման, այնտեղ շինարարութեան մը սկսելուն համար ներկայիս կ՚առնուին շարք մը շօշափելի քայլեր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018