Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ՝ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ս. Թարգմանչաց տօնը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Էսաեան վարժարանէն ներս։ Այս առթիւ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ծրագիրը եզակի բնոյթ մը ունէր։ Առաջին դասարանէն սկսեալ դպրոցի բոլոր աշակերտները օրուան տեւողութեան աշխատանոցներու ձեւաչափի մէջ աշխատանք տարին համապատասխան նիւթերու շուրջ։ Նախագիծը բազմակողմանի էր, կ՚ընդգրկէր մնջախաղէ սկսեալ մինչեւ համակարգիչի աշխատանք։ Բաց աստի, եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններու աշակերտները արտասանութիւններով եւ խմբերգներով հանդէս եկան։ Կատարուեցաւ նաեւ ժապաւէնի ցուցադրութիւն մը։

Ամէն ինչ նախատեսուած էր համաճարակի նախազգուշական միջոցներուն համապատասխան։ Օրուայ տօնին առթիւ դպրոցի պատերն ալ զարդարուած էին՝ հայ մշակոյթի երախտաշատ սպասաւորներու լուսանկարներով, որոնց կցուած էին անոնց կենսագրական տուեալները։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2021