ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԵՐԵԿՈՅԹ
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Ներդաշնակութեան մեղեդի» համերգին արձագանգները կը շարունակուին։ Մօտաւոր ապագային Թուրքիայէ եւ Հայաստանէ երաժիշտներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած այս ծրագիրը պիտի կրկնուի Իսթանպուլի մէջ։ Նախընթաց օր Երեւանի մէջ տեղի ունեցած երեկոյթը խոր տպաւորութիւն գործած է բոլոր մասնակիցներուն վրայ։ Մասնաւորապէս արձանագրուած յաջողութեան մէջ իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունեցած է պոլսահայ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ։ Սա իր հերթական նուաճումներէն մին է ու մանաւանդ ան յաջողած է անգամ մը եւս Երեւանի մէջ գրաւել երաժշտասէրներուն սիրտը։
Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլս այս համերգին առթիւ յայտնեց, թէ դեսպանութիւնը կարեւորութիւն կ՚ընծայէ սոյն նախաձեռնութեան նկատմամբ։ Իր համոզմամբ, նման նախաձեռնութիւնները շատ մեծ կարեւորութիւն ունին այն ժողովուրդներուն համար, որոնց միջեւ շփումները տեղի ունեցած են անբաւարար մակարդակով։ Հետեւաբար, ԱՄՆ-ի դեսպանութիւնը շատ ուրախ է, որ կ՚աջակցի այս նախաձեռնութեան, որ կը միաւորէ երաժիշտները եւ որու շրջանակներէն ներս կը ձեւաւորուի ներդաշնակութեան մեղեդին։
Միջմշակութային հարթութեան վրայ երկխօսութիւն խրախուսելու նպատակին ուղղեալ համերգին սկսիլը՝ Հայաստանի մօտ ԱՄՆ-ի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլս լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ կարեւորելով նախաձեռնութիւնը, ըսաւ. «Այս նախաձեռնութեան ծիրէն ներս մշակոյթի եւ երաժշտութեան ասպարէզին մէջ զանազան ուղիներ անցած երաժիշտները մէկ բեմին վրայ ներդաշնակութիւն եւ մտերմութիւն կը ստեղծեն: Որպէս իրենց երկիրներու մշակութային դեսպաններ, երաժիշտները կապեր կը ստեղծեն, կ՚ապահովեն խաղաղութիւն եւ փոխըմբռնում՝ աշխարհին մէջ: Յոյս ունիմ, որ այս նախաձեռնութեան միջոցաւ մենք կը կարողանանք օգնել երիտասարդութեան եւ կամուրջներ կառուցել հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ՝ արուեստի ուժին շնորհիւ»:
Համերգէն առաջ լրագրողներու հետ կարճ զրոյցներ ունեցան նաեւ երաժիշտները, որոնք մասնաւորապէս նշեցին, թէ ուրախ են նման համատեղ ծրագրով հանդէս գալու համար եւ յոյս յայտնեցին, որ համագործակցութիւնը շարունակական կ՚ըլլայ եւ երկու երկիրներու այլ երաժիշտներ եւս, օրինակ ունենալով այս համերգը, կը նախաձեռնեն եւ հանդէս կու գան համատեղ համերգներով:
«Ներդաշնակութեան մեղեդի» միջմշակութային նախագծի առաջին համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ, ժողովրդական նուագարաններու թուրք կատարողներ Օսման Եուրտալ Թոքճան, Կէօքսէլ Պաքտակիր, Պուրաք Մալչոք եւ Մերթ Էլմաս։ Երաժիշտները հանդէս եկան լայն ճանաչում վայելող հայկական The Beautified Project ռաք խումբին հետ:
Արդէն դահլիճի բեմէն խօսելով՝ դեսպան Ռիչըրտ Միլս ողջունեց ներկաները՝ մասնաւորապէս յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով այս օրերուն այլ այցով մը Երեւան գտնուող Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին, որ իր ներկայութեամբ պատուած էր համերգը, ինչպէս նաեւ՝ հազարաւոր ներկաներուն, որոնք կարեւորած էին նման համերգը եւ տեղ գրաւած էին դահլիճին մէջ:
«Անկախ մեր խօսած լեզուէն՝ անկախ մեր դաւանանքէն, անկախ մեր մորթի գոյնէն՝ երաժշտութիւնը կ՚օգնէ, որպէսզի մենք ապրինք նոյն զգացողութիւնները: Եւ այսօրուան համերգի համար կը կարծեմ, որ այս խօսքերը տեղին են: Այս երեկոն երաժշտութեան եւ մեղեդիներու մասին է, դուք կը լսէք էթնիք երաժշտութիւն, զոր կը կատարեն հինգ հրաշալի երաժիշտ եւ The Beautified Project խումբը», ըսաւ դեսպան Միլս:
Համերգը, իսկապէս, երաժշտական անկրկնելի տօն պարգեւեց հանդիսակններուն, որոնք բոլոր կատարումները կ՚ընդունէին բուռն ծափահարութիւններով: Բեմէն հնչեցին նոր ու թարմ մեղեդիներ, որոնք համադրած էին հայկական, թրքական երաժշտական ելեւէջները:
Ինչպէս նաեւ երեկոյի ընթացքին հնչեց նոր երգ մը՝ Don’t blam me խորագրով, որու առաջին կատարումը տեղի ունեցաւ երէկ: Այդ երգը պիտի հնչէ նաեւ այս նախագծի երկրորդ համերգի ժամանակ, որ տեղի պիտի ունենայ 22 Դեկտեմբերին՝ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ: Ձեռնարկի մասին արդէն տեղ-եակ պահուած է մշակութասէր հասարակութիւնը։