ՍԻՊԻԼԻ ԵՒ ԱՆՏՐԷԻ ԱՅՑԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեներգիչներ Սիպիլն ու Անտրէն։ Վաղուան համերգին ընդառաջ անոնք փափաքած էին մեզի այցելել եւ տեղեկացնել, որ բոլոր երաժշտասէրներուն կը խոստանան հաճելի ժամանց։

Հարկ է յիշեցնել, որ CRR-ի մէջ նախատեսուած վաղուան համերգին երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասուի մեր համայնքի երաժշտասէրներուն կողմէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2023