«ՄԵՐ ՀԱՅԵՐ» ՀԱՐԹԱԿԸ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ՆՊԱՍՏԵԼ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՌԿԱՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱԳՐԱՒՄԱՆ

«Մեր հայեր» իրերօգնութեան ու զօրակցութեան հարթակը կը շարունակէ մեր համայնքէն ներս աշխատանք տանիլ։ Նորաստեղծ այս հարթակի գործունէութիւնը սկիզբ առած է քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի շրջանին։ Ընկերային զօրակցութեան կարիքներու արտասովոր ձեւով բազմապատկուած ներկայ ժամանակահատուածին այս հարթակը փորձած է իր նպաստը բերել՝ մեր համայնքէն ներս գոյացած զանազան կարիքներու դիմագրաւման։

«Մեր հայեր»ը անմիջական համագործակցութիւն կը ծաւալէ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հետ։ Հարթակի կամաւորները քաղաքապետարանի Ընկերային ծառայութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Եավուզ Սալթըքի հետ շատ դրական յարաբերութիւն մը մշակած են եւ այսպէսով իրենց տրամադրուած միջոցները կը հունաւորեն դէպի մեր համայնքը։ Հարթակի աղբիւրները կ՚ընդգծեն, որ այդ ամբողջ կարելիութիւններու ստեղծման տեսակէտէ միշտ զգալի է Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի կողմէ դրսեւորուած կամքը։

Քաղաքապետարանին կողմէ դպրոցներու համար պատրաստուած՝ գրենական պիտոյքներու ծրարներէն 500 հատ բաժին վիճակած է «Մեր հայեր» հարթակին։ Այդ գրենական պիտոյքները բաժնուած են Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին, Պէզճեան Մայր վարժարանին, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին, Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին, Գալֆաեան Տան, Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին, Կեդրոնական վարժարանին, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին եւ Եշիլգիւղի վարժարանին։ Հարթակի ներկայացուցիչները ծրարները յանձնած են ուղղակի այցելելով յիշեալ դպրոցները։ Այս ամբողջին մէջ Կեդրոնականն ու Պէզճեանը առանձնացած են։ Արդարեւ, այդ երկու կրթական հաստատութիւններուն մէջ հիւրընկալուած է Եավուզ Սալթըք, որուն ընկերացած են «Մեր հայեր»ի ներկայացուցիչներէն Ժանէթ Կարմիրեան, Նաժտա Շատեան եւ Արեւ Ճեպեճի։

«Մեր հայեր»ը Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ կը պատրաստուի նաեւ մեր համայնքէն կարիքաւոր 500 ընտանիքի համար յատկացնել առեւտուրի քարտեր, որոնք նոյնպէս տրամադրուած են քաղաքապետարանի կողմէ։ Բացի այս բոլորէն, կամաւորները իրենց հասած լուրերուն ուղղութեամբ աշխատանք կը տանին եւ ըստ յառաջացած կարիքներու բնոյթին շարժման կ՚անցընեն բարերարներ։

Միւս կողմէ, Եավուզ Սալթըք վերջերս այցելեց նաեւ Պատրիարքարան։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան զինքը հիւրընկալած է՝ ներկայութեամբ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի կազմէն Խաչիկ Ճանէլի, Մանուկ Քալայճըի եւ Հերման Քավաֆեանի։ Զրոյցը ծաւալուեցաւ Սալթըքի քաղաքապետարանէ ներս ղեկավարած գործունէութեան եւ մեր համայնքէն ներս Պատրիարքական Աթոռին կողմէ յառաջ տարուած ընկերային օժանդակութեան ջանքերուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 17, 2021