ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԴԷՊԻ ԿԵՍԱՐԻԱ, ԻՍՔԵՆՏԵՐՈՒՆ ԵՒ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂ

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, ամէն տարի, Ս. Քառասուն Մանկանց տօնի նախօրեակին, Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Իսքենտերունի Ս. Քառասուն Մանկանց եւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն ուխտագնացութիւն կը կատարուի եւ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Անցեալ տարի, քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ, բոլորովին ջնջուած էր այս ուխտագնացութիւնը։

Այս տարի եւս նկատի ունենալով համավարակի սահմանափակումները՝ կարելի պիտի չըլլար Իսթանպուլէ եւ արտասահմանէ բազմաթիւ ուխտաւորներու մասնակցութեամբ ուղղուիլ դէպի Կեսարիա եւ Իսքենտերուն։ Իսկ միւս կողմէ, Կեսարիոյ շրջակայքի, Իսքենտերունի եւ Վաքըֆլըգիւղի ժողովուրդը առանձին չձգելու նպատակաւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, հոգեւոր հայրերէ բաղկացեալ խումբ մը ուղղուեցաւ դէպի գաւառ։ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեանի գլխաւորութեամբ՝ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան Իսթանպուլէն ճամբորդեցին դէպի գաւառ, արարողութիւններ կատարեցին ու Պատրիարք Սրբազան Հօր հայրական ողջոյնները փոխանցեցին տեղւոյն ժողովուրդին։ Պատուիրակութեան միացան նաեւ Իսքենտերունի եւ շրջակայից հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Եուսուֆ դպիր Թապաշեան եւ թեքնիք պատասխանատու Ռաֆֆի Էթեէմէզ։ Իւրաքանչիւր արարողութեան ընթացքին Պատրիարք Հայրը համացանցի վրայ քարոզեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Կեսարիոյ, Իսքենտերունի եւ Վաքըֆլըգիւղի հայորդիներուն։ Հաւատացեալներ եկեղեցւոյ մէջ տեղադրըւած պաստառներէն ուղիղ ձեւով ունկնդրեցին մեր Հոգեւոր Պետի պատգամներուն։

ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՄԷՋ

Ուխտագնացութեան առաջին կայանը եղաւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Քորոնա համավարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով, Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը իրականացաւ 11 մարտ 2021, հինգշաբթի առաւօտ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ Եուսուֆ դպիր Թապաշեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Տ.Տ. Տրդատ Ա. եւ Նաթան քահանաները։ Արարողութեան մասնակցելու համար քաղաքէս Կեսարիա փութացած էին Ս. Գրիգոր Լուսաւրիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Զատիկ Թոքէրի գլխաւորութեամբ՝ անդամներէն Համբօ Թանըշման եւ Կարօ Պաղտատ։ Տօնական այս արարողութեան ներկայ էին նաեւ սակաւաթիւ հաւատացեալներ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Կեսարիոյ թեմի հանգուցեալ առաջնորդներու, հոգեւոր հայրերու եւ ժողովուրդի հոգիներու խաղաղութեան համար։

Արարողութեան աւարտին տեսասփռուեցաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր պատգամը։ Ան նախ յայտնեց, թէ շատ կը փափաքէր անձամբ նախագահել աւանդական այս ուխտագնացութեան, սակայն համավարակի պատճառաւ այս մէկը կարելի չեղաւ։ Բայց եւ այնպէս, ինք Պատրիարքարանի յարկէն միացաւ Կեսարիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր ցնծութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետը ապա յիշեց Կեսարիոյ քաղաքի քրիստոնէական տեսակէտէ կարեւորութիւնը եւ ապա անդրադարձաւ եկեղեցւոյ պատմականին։ Ան յայտնեց, թէ ներկայիս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին բարոյապէս կապուած բազում անձեր կը գտնուին։ Եկեղեցին թէ՛ կեսարացիներու եւ թէ հայոց համար կարեւորագոյն ուխտի կեդրոն մը ըլլալու հանգամանքը կը պահէ։ Հետեւաբար, ուխտի եւ աղօթքի տեսակէտէ իր խորհրդաւոր ներկայութիւնը կը պահէ Կեսարիոյ եկեղեցին։ Պատրիարք Հայրը այս առիթով մեծապէս գնահատեց Զատիկ Թոքէրի գլխաւորած ծխական խորհուրդի անդամները ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց իրենց գործունէութեանց մէջ։ Ան շեշտեց, թէ իրենց կատարած գործունէութիւնը առաւել եւս թանկագին կը դառնայ, քանի անոնք կը սատարեն եկեղեցիի մը, որ ներկայիս մնայուն ծուխ չունի, սակայն նման ծառայութիւնը կը նշանակէ եկեղեցւոյ անցեալին հաւատարմութիւն։ Մեր Հոգեւոր Պետը մաղթեց, որ քորոնա համավարակի ազդեցութիւնը ի մօտոյ հեռանայ մարդկութենէն եւ ինք առաջին առիթով իր ուխտի այցելութիւնը կատարէ դէպի Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։

Արարողութենէ յետոյ եկեղեցւոյ վարչութեան անդամները յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, որուն տնօրինութեամբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։ Մինչ այդ, ներկայ հոգեւոր հայերուն եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին, թէ եկեղեցին շէնցաւ իրենց ներկայութեամբ։

ԻՍՔԵՆՏԵՐՈՒՆԻ ՄԷՋ

Երկրորդ կայանը եղաւ Իսքենտերունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցին, որու անուան տօնախմբութիւնը կատարուեցաւ։ Քորոնա համավարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով, Իսքենտերունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ 12 մարտ 2021, ուրբաթ առաւօտ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Եուսուֆ դպիր Թապաշեան եւ Տաւուտ Սարաչօղլու։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Տ.Տ. Տրդատ Ա., Շահէն եւ Աւետիս քահանայ հայրերը։ Արարողութեան ներկայ եղան ատենապետ Կարպիս Քըսատուրի գլխաւորած ծխական խորհուրդի անդամներ եւ հաւատացեալներ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Իսքենտերունի եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերուն եւ ժողովուրդի հոգիներու խաղաղութեան համար։

Արարողութեան աւարտին տեսասփռուեցաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր պատգամը։ Ան նախ իր ողջոյնը փոխանցեց Իսքենտերունի եկեղեցւոյ համայնքի անդամներուն ու յայտնեց, թէ համավարակի պատճառաւ կը բացակայի։ Ապա յատկապէս անդրադարձաւ Տ. Աւետիս Քահանային եւ ընտանիքին ու յայտնեց, թէ աւելի քան տասն տարի առաջ Իսքենտերունի եւ շրջակայքի համար ձեռնադրուած էր տէր հայրը։ Ան մինչեւ այսօր թէ՛ իր ժողովուրդին, թէ՛ շրջակայից պաշտօնական մարմիններու եւ թէ քոյր յարանուանութիւններու գնահատանքին արժանացած է։ Անշուշտ, այս մէկը արդարօրէն ուրախութիւն կ՚առթէ Պատրիարքական Աթոռի մօտ։ Մեր Հոգեւոր Պետը գնահատելով տէր հայրը՝ մաղթեց, որ իր ծառայութիւնը մնայ պայծառ՝ դառնալով մխիթարութիւն իրեն յանձնուած հօտին։

Պատրիարք Հայրը աւելի վերջ անդրադարձաւ Ս. Քառասուն Մանկանց վարքագրութեան եւ խօսեցաւ անոնց նահատակութեան մասին։ Անոնց նահատակութիւնը արեամբ մկրտութեան լաւագոյն օրինակն է։ Անոնք միացած ըլլալով Քրիստոսին, անոր սիրոյն նահատակուած էին եւ ստացած՝ պսակներ։ Այս առիթով թելադրեց, որ մենք ալ տէր կանգնինք մեր մկրտութեան ուխտերուն եւ կատարեալ ձեւով օգտագործենք մկրտութեամբ մեզի շնորհուած շնորհները։ Ապա Պատրիարք Հայրը գնահատեց տարած գործունէութիւնը ծխական խորհուրդին՝ գլխաւորութեամբ Կարպիս Քըսատուրի ու փոխանցեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Եկեղեցւոյ արարողութեանց աւարտին՝ հոգեւոր հայրեր համախմբուեցան Իսքենտերունի գերեզմանատան մէջ, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Արարողութեան աւարտին Աւետիս Քահանան եւ Իսքենտերունի ծխական խորհուրդի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան՝ իր հայրական հոգածութեան համար։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ հոգեւոր հայերուն, որոնց ներկայութեամբ առաւել ճոխ ու հոգեւոր ցնծութեամբ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ տօնակատարութիւնը։

ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Վաքըֆլըգիւղի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ։ Այսպէս, քորոնաժահրի համավարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով, Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ 13 մարտ 2021, շաբաթ, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Միսաք ուրարակիր դպիր Հերկելեան եւ Եուսուֆ դպիր Թապաշեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Տ.Տ. Տրդատ Ա. եւ Նաթան քահանաները։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան ծխական խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Ճեմ Չափարի, գիւղապետ Պերճ Քարթուն եւ հաւատացեալներ։

Արարողութեան աւարտին տեսասփռուեցաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր պատգամը։ Ան շեշտեց, թէ Վաքըֆլըգիւղը յատուկ կարեւորութիւն ունի թէ՛ Պատրիարքութեան եւ թէ անձնապէս իրեն համար։ Համավարակը արգելք եղաւ, որ ինք անձամբ չկրցաւ այցելել գիւղ ու նախագահել ուխտագնացութեան։ Բայց եւ այնպէս, ան օգտագործեց առցանց հարթակը ու գիւղացիներուն ուղղեց իր խօսքը։ Ան համավարակի մթնոլորտի մասին խօսելով՝ յիշեցուց, թէ ժխտական պայմանները նաեւ ազդած են գիւղացիներու առօրեային։ Այս բոլորին մէջ գիւղի բարւոք ապագան կը յանձնուի գիւղացիներուն եւ անոնց առած ճիշդ որոշումներն ու քայլերը պիտի փրկեն գիւղի ապագան։ Ապա շեշտեց, թէ տնտեսական պայմաններու պատճառաւ ներգաղթ կրնայ ըլլալ եւ ապագային գիւղի բնակչութիւնը առաւել եւս կրնայ բազմանալ։ Մինչ այդ, ան նշեց, որ պայմանները ինչ ալ ըլլան, գիւղացիներ առանձին չեն ու իրենց կողքին ունին թէ՛ Պատրիարքական Աթոռը եւ թէ անձամք ինքը։ Պատրիարք Հայրը նաեւ շեշտեց կարեւորութիւնը աղօթքի կեանքին եւ ուրախութեամբ անդրադարձաւ գիւղի հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քահանային։ Գիւղացիներուն պատգամեց, որ հետեւին տէր հօր թելադրանքներուն, քանի ան աւելի քան տասն տարիէ ի վեր որպէս հովիւ կը պաշտօնավարէ նաեւ Վաքըֆլըգիւղէն ներս։ Յիշեց նաեւ գիւղի վարչայիններն ու բնակիչները եւ մաղթեց, որ անոնք ձեռք ձեռքի տալով՝ լաւ ձեւով պահել շարունակեն գիւղը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեւորականներ համախմբուեցան գերեզմանատունը, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին գիւղի երբեմնի աւագերէցներ՝ Ղեւոնդ Ա. Քհնյ. Քարթունեանի եւ Սերովբէ Ա. Քհնյ. Կիւլեանի շիրիմներուն մօտ։ Բաց աստի, գիւղի գերեզմանատան մէջ ննջող համայն հայորդիներ յիշատակուեցան հանգստեան աղօթքներով։

Արարողութեան աւարտին Աւետիս Քահանան եւ Վաքըֆլըգիւղի ծխական խորհուրդի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան հայրական հոգածութեան համար։ Վաքըֆլըգիւղը Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը ըլլալու հանգամանքը կը պահէ եւ այս առիթով ուրախութիւն յայտնեցին, որ Պատրիարքական Աթոռի հոգածութիւնը զգալի է իրենց մօտ։ Այցելու հոգեւոր հայրերը առիթն ունեցան նաեւ համավարակի սահմանափակումներուն հնազանդելով՝ գիւղի բնակիչներուն հետ զրուցելու եւ Պոլսոյ զօրակցութիւնը յայտնելու Վաքըֆլըգիւղին։

Իսթանպուլէն ժամանած հոգեւոր հայրերը աւարտելով ուխտագնացութիւնը նոյն երեկոյեան վերադարձան քաղաքս։

Չորեքշաբթի, Մարտ 17, 2021