ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԸ ՈԳԵԿՈՉԵԼ ԳՐԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՈՎ ՄԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհիներէն Արմաւենի Միրօղլուն եւ Մարալ Էպէօղլու-Սաթարը, ինչպէս նաեւ աշակերտներէն Աննա Իվանեանն ու Շանթ Շիմշէքչաքը։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է, Էսաեանի ընտանիքը յառաջիկայ օրերուն պիտի ոգեկոչէ հայ գրականութեան հսկաներէն Վահան Թէքէեանը։ Ի յիշատակ մեծ բանաստեղծին կազմակերպուած է ձեռնարկ մը։ Էսաեանի ընտանիքը բազմակողմանի ու նախանձախնդիր աշխատանք տարած է այդ ձեռնարկի կազմակերպման համար։ Երէկուան այցելութեան ընթացքին աշակերտներն ու ուսուցչուհիները եկած էին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի հրաւէրը յանձնելու։ Հաճելի զրոյցի տեւողութեան անոնք մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեցին ձեռնարկի կազմակերպման ազդակներուն եւ նախատեսուած ծրագրի բովանդակութեան շուրջ։

Ինչպէս ծանօթ է, էսաեանցիները անցեալ տարի եւս Վահան Թէքէեանի վերաբերեալ ծրագիր մը կեանքի կոչած էին։ Անոնք որոշած են այս տարի եւս ուշադրութեան առանցքին պահել Թէքէեանը։ Ուստի, անցեալ տարուան ձեռնարկի ընդհանուր կմախքի պահպանումով, նաեւ զանազան փոփոխութիւններով այս տարի դարձեալ Վահան Թէքէեանի յիշատակը գրական ձեռնարկով մը պիտի ոգեկոչուի Էսաեանի յարկէն ներս։

Մինչ այդ, երէկ մեր այցելութեան փութացած աշակերտներէն Աննա Իվանեան եւ Շանթ Շիմշէքչաք վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտներ են։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք ալ մեզի բացատրութիւններ տուին ապագայի վերաբերեալ իրենց ակնկալութիւններուն եւ դպրոցէն ներս տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Աննա Իվանեան եւ Շանթ Շիմշէքչաք նշեցին նաեւ, որ աշակերտութիւնը հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ մեր մշակոյթի տիտան դէմքերուն նկատմամբ եւ անոնց վերաբերեալ կազմակերպուած այսպիսի գործունէութիւններուն նկատմամբ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 17, 2018