ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆՈՐ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ՝ ԱՌՈՒՇ ԹԱՇ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Թաղային խորհուրդի անդամները նորին սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու եկեղեցւոյ աւանդական տարեկան անուան տօնախմբութեան, որ նախատեսուած է 8 Ապրիլին։

Զրոյցի տեւողութեան թաղականները նորին սրբազնութիւնը տեղեակ պահեցին նաեւ եկեղեցւոյ վերաբերեալ վարչական զանազան հարցերու շուրջ։ Անոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին, որ ի գործ կը դնեն իրենց կարելին՝ որպէսզի երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի շէնքը տրամադրուի «Հրանդ Տինք» վարժարանին։ Այս հարցի բարւոք լուծման ուղղութեամբ կը շարունակուին աշխատանքները։

Թաղականները մատնանշեցին, որ եկեղեցւոյ յարակից գոյութիւն ունին համայնքապատկան փայտաշէն հինգ շէնքներ, որոնք ներկայիս խարխուլ վիճակի մէջ կը գտնուին ու պէտք է անյապաղ իրականացուի անոնց նորոգութիւնը՝ այլապէս պիտի դառնան վտանգաւոր։

Թաղականները յայտնեցին նաեւ, որ իրենց բազմամեայ ատենապետ նորոգ հանգուցեալ Վարուժան Թավրայի մահէն վերջ Առուշ Թաշ ստանձնած է ատենապետի պաշտօնը։ Նորին սրբազնութիւնը օրհնեց Վարուժան Թավրայի յիշատակը եւ յաջողութիւն մաղթեց նոր ատենապետին։

Ապա Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան ուրախութիւն յայտնեց թաղականներու այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութիւններուն մասին։ Հերթական անգամ ցաւակցութիւն յայտնելով Գումգաբուի Դրսի ընտանիքին՝ նորին սրբազնութիւնը տուաւ իր օրհնութիւնը դիւանի նոր կազմին, գնահատեց թաղային խորհուրդին կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը եւ մատուցուած ծառայութիւնները։ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան յաջողութիւն մաղթեց թաղականներուն եւ Գումգաբուի Դրսի ընտանիքին։ Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց նախագահելու համար անուան տօնախմբութեան աւանդական արարողութիւններուն։

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018