ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։

Այս տարի Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը պիտի սարքուի 7 հոկտեմբերին եւ Մայր եկեղեցւոյ թաղականները,  ըստ ընկալեալ սովորութեան, նախօրէին այցելեցին Պատրիարքարան։ Հանդիպման ընթացքին նորին սրբազնութիւնը թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներէն տեղեկութիւններ քաղեց եկեղեցւոյ ընդհանուր վիճակին, դպրոցի ծաւալած գործունէութեան եւ պիւտճէին շուրջ։ Թաղականները խնդրեցին, որ ան նախագահէ օրուան արարողութիւններուն։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց սիրով ընդառաջել խնդրանքին, նաեւ թաղականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը, յաջողութեան մաղթանքները եւ գնահատանքը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018