ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՆԵՐԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՅԱՆՁՆՈՒԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, երէկ, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանիին ներքեւ համակարգիչներ յանձնուեցան վարժարաններու ներկայացուցիչներուն։ Հանդիպման ներկայ էին՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Եսայի Տէմիր եւ Արէտ Քարապուլութ, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Նուրհան Սուճեան եւ Շանթ Չաքմաքճեան, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Հապիպ Էօզֆուրունճու, ինչպէս նաեւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու եւ Պատրիարքական Աթոռոյ Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի կամաւորներէն Մարթա Ժոսլին Տինչքայըքճը, Անուշ Քարմէն Սար, Լետա Քոչ, Տայք Միսիսօղլու եւ Մկրտիչ Տոնուքէօք։ 

Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ Պատրիարքարանը երբ վերահասու եղաւ իր զաւակներու անհրաժեշտ ու անյետաձգելի կարիքին, արագօրէն գործի լծուեցաւ։ Բարերարներ իրենց լումաներով, մասնակից դառնալ սկսան ու կարճ ժամանակի մէջ արդէն իսկ համակարգիչները ապահովուեցան։

Երէկ Սամաթիոյ, Թոփգաբուի եւ Եշիլգիւղի վարժարաններու ներկայացուցիչները փոխան ստորագրութեան ստացան համակարգիչները։

Հարկ է յիշեցնել նաեւ, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին, Կեդրոնական վարժարանին,  Ս. Խաչ դպրեվանքին, Գալֆաեան Տան, Պէզճեան Մայր վարժարանին, Մէրամէթճեան վարժարանին, Տատեան վարժարանին, Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին եւ «Հրանդ Տինք» վարժարանին եւս յանձնուեցան համակարգիչներ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2020