ԶԻՖԼԻՕՂԼՈՒԻ ԳԻՐՔԸ՝ ՄԱԺԱԿ ԹՈՇԻԿԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ լրագրող ու բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլու հրատարակած է նոր գիրք մը, որ լոյս տեսած է «Kuzey Işığı» հրատարակչատունէն։ Այս հրատարակչութեան կենսագրական բնոյթով գործերու շարքին մաս կազմած է Վերճիհան Զիֆլիօղլուի գիրքը, որ կը կոչուի «Beni Benimle Bırak & Majak Toşikyan'dan Cenk Taşkan'a»։ Կիւլնուր Կէօզիւպէքի կողմէ խմբագրուած այս գիրքը ձօնուած է Միքիֆոր Պիլաք եւ Քոստա Անանիատիսի յիշատակներուն։

Մաժակ Թոշիկեանի կեանքին ու գործունէութեան լոյս կը սփռէ Վերճիհան Զիֆլիօղլուի գիրքը, որ կը պարունակէ նաեւ յայտնի արուեստագէտի արխիւէն զանազան վառ դրուագներ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2021