ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱԿՈՒՄԲԻ ՍԱՆԵՐԸ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ ՇՐՋԵՑԱՆ

Վերջին օրերուն Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած «212 Photography Istanbul» մեծ ցուցահանդէսը արժանացաւ անմիջական հետաքրքրութեան։ «Պոմոնթիատա» համալիրէն ներս կազմակերպուած էր այս ցուցահանդէսը, որու ընթացքին ներկայացուեցան ծանօթ ու հեղինակաւոր լուսանկարիչներու գործերը։ Այս նախաձեռնութեան հիմնադիրն է Հանտան Եըլմազ։ Փառատօնի մը ձեւաչափին մէջ նախատեսուած ծրագրի տնօրէնուհին է Պանու Թունչաղ։ Արդէն չորս տարիէ ի վեր կը կազմակերպուի այս փառատօնը, որ կը համարուի կայացած եւ լուսանկարչական շրջանակներու հիմնական ժամադրավայրերէն մին կը հանդիսանայ։

Կը տեղեկանանք, որ փառատօնի օրերուն Կեդրոնական վարժարանի լուսանկարչական ակումբի սաներն ալ այցելած են «Պոմոնթիատա», ուր շրջած են ցուցահանդէսը։ Դպրոցի այս ակումբի գործունէութիւնը կ՚ընթանայ մեր համայնքի յայտնի լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեանի վերահսկողութեան ներքեւ։ Ան հնարաւորութիւն ընձեռած է, որպէսզի այս մակարդակով փառատօն մը այցելելով եւ մեծ ցուցահանդէսէն ներս շրջագայութիւն մը կատարելով տղաքը ընդլայնեն իրենց հորիզոնները լուսանկարչութեան վերաբերեալ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2021