ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նոր ե­ղա­նա­կի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր հա­ւա­քոյ­թը։ Միու­թե­նէն ներս նոր ե­ղա­նա­կի բա­ցու­մը բնո­րո­շեց հան­գու­ցեալ ա­րուես­տա­գէտ Տի­րան Ին­ճի­ճիի գոր­ծե­րուն ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Միու­թեան 71-րդ շր­ջա­նի բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ Մխի­թա­րեա­նի սա­նե­րէն Տի­րան Ին­ճի­ճիի նշա­նա­ւոր՝ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ման­րա­կեր­տե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով։

Ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ էին՝ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վարդապետ Չօ­փու­րեան, Տ. Թա­թուլ Ծ. Վարդապետ Ա­նու­շեան, Մխի­թա­րեա­նի մա­տա­կա­րար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Ար­ման Քա­մար եւ իր ըն­կեր­նե­րը, հա­մա­նուն ըն­տա­նի­քէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ սա­ներ, հա­մա­կիր­ներ եւ հիւ­րեր։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր նաեւ Տի­րան Ին­ճի­ճիի որ­դին՝ Է­րոլ Ին­ճի­ճի, որ կը բնա­կի Զուի­ցե­րիա։

Բո­լոր ներ­կա­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեա­նի եւ ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տուե­ցան Է­րոլ Ին­ճի­ճի, Վար­դան Պալ­մում­ճեան, Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վար­դապետ Չօ­փու­րեան եւ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վար­դա­պետ Ա­նու­շեան։

Մինչ ներ­կա­յա­ցուած տասն­մէկ ման­րա­կերտ­նե­րը ար­ժա­նա­ցան ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան, ներ­կա­նե­րը ըն­դու­նե­լու­թեան սե­ղան­նե­րուն շուրջ հա­ճե­լի զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջե­ւ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016