ԹՈՓԳԱԲՈՒՑԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ

Թոփգաբուի ընտանիքը Ամանորը դիմաւորեց Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներու խանդավառ հանդէսով։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ համախմբեց թաղային խորհուրդի անդամները, դպրոցի տնօրէնուհին եւ ուսուցչական կազմը, յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։

Տղաքը այս հանդէսի ընթացքին ունեցան յաջող ելոյթներ՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Անոնք յաջող ձեւով ներկայացուցին թէ՛ Նոր տարուան եւ թէ Սուրբ Ծնունդի վերաբերեալ զանազան բաժիններ։ Հուսկ, Կաղանդ պապուկը ժամանեց սրահ եւ բոլորին ոգեւորութիւնը արդէն հասցուց գագաթնակէտին։

Հանդէսի աւարտին բոլորը հրաժեշտ առին՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի շրջանին փոխանակելով բարեմաղթութիւններ։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2023