ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած Բարեկենդանի աւանդական խրախճանքով։ Դպրոցի «Եդքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահի երդիքին տակ այս առթիւ ստեղծուեցաւ աննկարագրելի խանդավառութիւն։ Սրահը համապատասխան ձեւով յարդարուած էր եւ շուրջ 250 մանուկներ այնտեղ ունեցան անմոռանալի ժամանց։

Վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը եւ աւելի վերջ գործադրուեցաւ խրախճանքի ծրագիրը։

Տղաքը զուարճացան հտպիտի ընկերութեամբ եւ օրուան ծրագիրը կ՚ընդգրկէր զանազան խաղեր ու փոքրիկ մրցումներ։

Խրախճանքի ծրագրի աւարտին տատեանցի աշակերտներուն համար սարքուեցաւ ընդունելութիւն եւ զանազան քաղցրաւենիքներով լեցուն տոպրակներ յանձնուեցան տղոց։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019