ԴՊՐԵՎԱՆՔՑԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ
Շաբաթավերջին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը արտասովոր խանդավառութիւն ապրեցաւ տարեկան շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, դպրեվանքցիները այս շրջագծով Կիրակի առաւօտ այցելեցին Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը, ուր իրենց խոնարհումը բերին հաստատութեան հիմնադիր երանշանորհ Տ. Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի շիրմին մօտ։ Այստեղ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն մը, առաջնորդութեամբ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Ներկայ էին Խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան եւ իր ընկերները, վարժարանի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան, նախկին տնօրէն Հայկ Նշան եւ Դպրեվանքի ընտանիքէն պատասխանատուներ։
Ոգեկոչման այս արարողութենէն վերջ շրջանաւարտներու օրուան բուն ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ Սկիւտարի մէջ, դպրոցի համալիրէն ներս, ուր համախմբուած էին զանազան սերունդներէ դպրեվանքցիներ, որոնք ապրեցան զիրար վերագտնելու հրճուանքը։ Մինչ 50-ամեայ եւ 25-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները մեծարուեցան առանձնապէս, դպրեվանքցիներուն խանդավառութիւնը կրկնապատկուեցաւ դպրոցի այսօրուան նախանձելի դիրքին բերումով։