ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ
Սամաթիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Սահակեան-Նունեան լիսէի այս տարուան շրջանաւարտներուն վկայականի բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Քառասուն շրջանաւարտները շքեղ տողանցքով մը ներկայացան բացօթեայ ձեռնարկի մասնակիցներուն, որոնք ջերմ զգացումներով ողջունեցին զանոնք։
Հաւաքոյթը պատուեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էր՝ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Մասնակիցներու շարքին էին՝ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ իր ընկերները, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Ընթացաւարտներուն ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքեր արտասանեցին՝ դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արէտ Քարապուլութ եւ տնօրէնուհի Թալին Մաթոսօղլու։ Յանուն ընթացաւարտներու ծնողներուն խօսք առին՝ Խաչիկ Սարըլը եւ Տիանա Գույումճու։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Նորին Սրբազնութիւնը, որու համոզմամբ՝ յաջող աշակերտներ հասցնելը յաջողութիւն մըն է նաեւ մեր համայնքին տեսակէտէ։ Ան երիտասարդներուն կոչ ուղղեց՝ որպէսզի երբեք չմոռնան իրենց ինքնութիւնը։ «Օր մը դուք պիտի ղեկավարէք մեր հաստատութիւնները», ըսաւ ան։
Ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականներն ու յուշանուէրները։ Բարձր գնահատանքի արժանացան յաջողագոյնները՝ Դարբին Մըխճըօղլու, Իզապէլ Չամ եւ Անի Գույումճու, որոնց յանձնուեցան մրցանակներ։ Անոնցմէ առաջին երկուքը արտայայտուեցան իրենց դասընկերներուն անունով։
Ծրագրի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթաքին հատուեցաւ շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։ Տղաքը թէ՛ ընդունեցին իրենց յղուած շնորհաւորութիւնները եւ թէ՛ յաջողութեան մաղթանքներ փոխանակեցին ապագայի համար։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024