ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյս մէջ, Ս. Թադէոս առաքեալի եւ Ս. Սանդուխտ կոյսի տօնին յաջորդող Կիրակի օրը տեղի ունեցան արարողութիւններ։ Եկեղեցւոյ գանձատան մէջ կը պահպանուի Ս. Թադէոս առաքեալի սրբազան մասունքը։ Նախքան կիրակնօրեայ արարողութիւնները, օրուան իմաստին առթիւ մասունքակիր խաչը բերուեցաւ եկեղեցի եւ մնաց մինչեւ Ս. Պատարագի աւարտը։

Արարողութիւններուն հանդիսապետեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանի սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեան եւ դպիրներ, իսկ երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասուն կողմէ առաջնորդութեամբ՝ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի  եւ երգեհոնահարութեամբ Հրանդ Ուրարակիր Դպիր Չիզմէճեանի։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, հայր սուրբը քարոզեց եւ Պօղոս առաքեալի Կորնթացւոց գրած առաջին նամակի նախամուտքին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց ու ըսաւ. «Այլակերպութեան խորհուրդը այսօր եւս կը շարունակէ առաքելական նամակին մէջ։ Մարդ արարածը փոփոխական է եւ ինք կ՚որոշէ, թէ դրական եւ ժխտական փոփոխութիւններ պիտի ունենայ։ Հեթանոս Կորնթացւոց ժողովուրդը այլափոխուած էր եւ ընդունած՝ Քրիստոսը որպէս ճշմարիտ փրկիչ։ Ժամանակով տարբեր քարոզութիւններով եկեղեցին բաժնուելու վտանգի տակ էր։ Պօղոս նախ կը յիշեցնէ, թէ ժողովուրդը դրականօրէն փոխուած էր, բայց երբ կը հեռանար Քրիսոսի ուսուցումէն, նոյն ժողովուրդը այս անգամ կը փոխուէր ժխտականօրէն։ Առաքեալը ապա կը շարունակէ ու կը յիշեցնէ, թէ այս աշխարհի եւ Աստուծոյ իմաստութեան գաղափարները բոլորովին տարբեր են։ Ահա, դրական կամ ժխտական փոփոխութեան խորհուրդը այստեղ է։ Աստուծոյ իմաստութիւնը նոյնիսկ այս աշխարհի մէջ ընդունելի չըլլայ, դրականօրէն այլափոխիչ միակ առաջնորդն է մարդկութեան համար»։ Հայր սուրբը ապա անդրադարձաւ Ս. Թադէոսի յիշատակին եւ ըսաւ. «Անուններու եւս իմաստը կը փոխուի ընդհանրապէս։ Երբ մեր պապերը քրիստոնէութիւնը ընդունեցին. Ս. Թադէոս անունը, առաջին մարտիրոսուհի Ս. Սանդուխտ անունը ի՞նչ նշանակութիւն ունէին։ Ճշմարտապէս սուրբ անուններ էին յաչս ժողովուրդին։ Իսկ պատմութիւնը այս անուններու իմաստը փոխեց բնականաբար։ Այսօր ի՞նչ նշանակութիւն ունին այս սուրբերու անունները։ Ուրեմն ժխտական փոփոխութիւն մը տեսանելի կը դառնայ մեր առջեւ։ Իսկ, ժխտականը դրականի փոխելու զօրութիւնը ունինք մեր առջեւ, որ է Աստուածային իմաստութիւն։ Եկէ՛ք, խոնարհինք սուրբի մասունքին առջեւ եւ բարեխօսութեանը դիմենք Ս. Թադէոսին, որպէսզի որպէս ժողովուրդ Քրիստոսով այլակերպուինք ու փոխուելու կամքը ունենանք դրականօրէն»։

Արարողութեան աւարտին ժողուրդը սրբազան մասունքին մօտենալով խոնարհեցաւ սուրբի յիշատակին առջեւ եւ յիշեց հայոց առաջին լուսաւորիչնէրէն՝ Ս. Թադէոսը եւ առաջին մարտիրոսուհին՝ Ս. Սանդուխտ կոյսը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017