ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԵՐԸ
ERVAB-ի երէկուան ժողովէն վերջ վերջնականօրէն յստակացուեցան ընտրական մարմիններու կազմերը, ըստ հետեւեալի.
ԱՌԱՋԻՆ ԸՆՏՐԱՇՐՋԱՆ
Այս ընտրաշրջանը կ՚ընդգրկէ Իսթանպուլի ամբողջ Ասիական մասը եւ կղզիները։ Պատկան հաստատութիւններու փոխըմբռնումով՝ այս ընտրաշրջանի ընտրական մարմնին մաս պիտի կազմեն հետեւեալ անունները.
Իրաւաբան Էօմէր Քանթիք, Ալին Շէնճան, Ռաֆֆի Պոյաճը, Աղաւնի Ճեհարեան, Անի Ֆէնէրճի, Լիանա Կիւլ (պահեստի), Արեւ Ապանլեան (պահեստի)։
ԵՐԿՐՈՐԴ ԸՆՏՐԱՇՐՋԱՆ
Այս ընտրաշրջանը կ՚ընդգրկէ Իսթանպուլի ամբողջ եւրոպական մասը, ինչպէս նաեւ այն հատուածը, որ հին քաղաքի պարիսպներուն մէջ կը մնայ։ Այս ընտրաշրջանին համար երկու ընտրական մարմին ստեղծուած է։
Ոսկեղջիւրի հիւսիսին համար ստեղծուած առաջին կազմին մէջ կը գտնուին հետեւեալ անունները.
Իրաւաբան Սելինա Տողան, Արի Գէորգ Տեմիրճիօղլու, Ռաֆֆի Թոմպաք, իրաւաբան Սեդրակ Տավութհան, Լեւոն Նազարէթեան, Արման Քարա (պահեստի), Արաքսի Գազանճեան (պահեստի)։
Ոսկեղջիւրի հարաւին համար ստեղծուած այս ընտրաշրջանի երկրորդ կազմին մէջ են հետեւեալները.
Սէրտար Քասափճըլար, Անէթ Չեփքինլի Կէօզէլ, Կարպիս Տուրասլան, Թաթիանա Թումանեան, Սեւան Ուլութաշ, Քրիստին Էպիլ (պահեստի), Վարդգէս Քարաման (պահեստի)։
ԵՐՐՈՐԴ ԸՆՏՐԱՇՐՋԱՆ
Այս ընտրաշրջանը դարձեալ քաղաքի եւրոպական ափը կ՚ընդգրկէ՝ բացառութեամբ հին քաղաքի պարիսպներէն ներս մնացած հատուածէն։ Արդարեւ, ընտրաշրջաններու սահմանումները կատարուած են՝ հաշուի առնելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն ժամանակ կատարուած գործադրութիւնները։ Ուստի, գործնականօրէն այս ընտրաշրջանի սահմանին մէջ կը մնան միայն Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիները։ Այս ընտրաշրջանին համար ստեղծուած ընտրական մարմնին վստահուած է նաեւ գաւառի մեր եկեղեցիներու ընտրութիւններու կազմակերպման պատասխանատուութիւնը։ Այս կազմին մէջ են հետեւեալ անունները.
Ստեփան Ալթունթեփէ, Յակոբճան Հիւլիար, Ս. Սիլվա Նուեան, Մուրատ Էօզքան, Արթին Պըչաքճը, Սեւան Աքալ (պահեստի), Առլէն Քեշիշկիլ (պահեստի)։
Հարկ է նշել, որ ըստ նոր կանոնադրութեան իւրաքանչիւր ընտրական մարմին պէտք է բաղկացած ըլլայ 7 անդամէ՝ 5-ը լիիրաւ, 2-ը պահեստի։