ՆՈՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Համայնքային շրջանակներէն ներս անընդհատ կը շարունակուին՝ Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան ազգապատկան տարածքի արժեւորման խնդրին շուրջ խմորումները։ Անցեալ Փետրուարին, Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հանդէս եկած էր պաշտօնական զեկոյցով մը այս նիւթին շուրջ։ Գրեթէ նոյնաժամանակ Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ծագած տագնապը ստուեր ածած էր այդ զեկոյցով բացատրուած զարգացումներուն վրայ եւ ակամայ գործընթացը ընդհատուած էր՝ համայնքային կեանքի հրատապ իրադարձութիւններուն ու մանաւանդ ուժերու վերադասաւորման հետեւանքով։ Այժմ, երբ քարերը որոշ չափով վերստին գտած են իրենց տեղը, այս խնդիրը ինքնաբերաբար վարարած է գետի նման եւ համայնքային օրակարգին վրայ դարձած՝ առաջնահերթութիւն։ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) շրջանակները երէկ տեղեկացուցին, որ Պէյքոզի տարածքի պարագային նոր համաձայնութիւն մը գոյացած է բոլորովին վերջերս։ Սա միջոցէ մը ի վեր տարուած աշխատանքի շնորհիւ հասունցած արդիւնք մըն է։ Այսպէս, Պատրիարքարանի յարակից «Յովակիմ 1461» հիմնարկի, VADİP-ի եւ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին միջեւ գոյացած է փոխըմբռնում մը։ Այժմ կը նախատեսուի Պէյքոզի երբեմն գերեզմանատան ազգապատկան տարածքի արժեւորման շուրջ աշխատիլ համախումբ ու միասնական ուժերով։
Ըստ VADİP-ի դիւանի ատենադպիր եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլըի կողմէ մեզի փոխանցուած տեղեկութիւններուն, վերջերս Պատրիարքարանի մէջ կազմակերպուած է այս նիւթին վերաբերեալ մասնաւոր խորհրդակցութիւն մը, գլխաւորութեամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեան եւ իր ընկերները, Յարութիւն Շանլը, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ այլ քանի մը ազգայիններ մասնակցած են այդ խորհրդակցութեան։ Շուրջ կէս ժամ տեսալսողական կապի միջոցաւ մասնակցած է նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան։ Օրակարգին, քննարկումներու բովանդակութեան ու նպատակներուն վերահասու եղած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Պէյքոզի թաղային խորհուրդը ներկայիս հաւանութիւն տուած է՝ աշխատելու համար ինն հոգիէ բաղկացեալ խորհրդականներու խումբի մը հետ։ Այս խումբի ստեղծման նպատակը հետեւեալն է. յառաջիկայ շրջանին պետութեան կողմէ փոխանցուելիք հատուցման գումարները օգտագործել թափանցիկ, վերահսկելի եւ նպատակասլաց ձեւով։ Յարութիւն Շանլը մեզի յայտնեց, որ այդ ինն խորհրդականներուն անուններն ու ընդհանուր դիմագիծը այժմ գրեթէ յայտնի են, սակայն պաշտօնապէս պիտի հրապարակուին յառաջիկայ օրերուն, որովհետեւ կը նախատեսուի նոր ժողով մը եւս։
Այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցանք Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին հետ, որ նախագահած է Պատրիարքարանի նախընթաց օրուան ժողովին։ Նորին Սրբազնութիւնը ներկայիս միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ «Յովակիմ 1461» հիմնարկի վարչութիւնը։ Իր դերակատարութիւնը այս կէտին վրայ շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Արդարեւ, անցեալ Փետրուարի իր աղմկարար հրաժարականին ընթացքին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան համայնքէն ներս ահազանգ հնչեցուցած էր, որ «կոյուղիի հոտեր կը բարձրանան» Պէյքոզի հարցին բերումով «Յովակիմ 1461»էն։ Այդ ժամանակ Պատրիարքարանի յարակից այդ հիմնարկը կը գլխաւորէր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Համայնքային ճգնաժամի մթնոլորտին մէջ այս վերջինը անմիջապէս հրաժարած էր այդ պաշտօնէն։ Իսկ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այդ ծանրակշիռ պնդումները օրակարգի վրայ բերած ըլլալով հանդերձ յանձն առած էր գլխաւորել հիմնարկին վարչութիւնը։ Ուստի, ներկայ փուլին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ այս առանցքին շուրջ ծաւալուած գործունէութիւնը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ Համայնքային շրջանակները չեն կասկածիր, որ ան առաւելագոյն նախանձախնդրութեամբ ու պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ կը գործէ՝ իր կողմէ հնչեցուած ահազանգէն վերջ։
Նորին Սրբազնութիւնը այս առաւօտ մեզի յայտնեց, որ Պէյքոզի թաղային խորհուրդը հաւատարիմ կը մնայ անցեալ Փետրուարին մամլոյ միջոցաւ պաշտօնապէս հրապարակուած զեկոյցի ոգիին ու տարրին։ Քանի որ նախատեսուած հատուցումը ապասեփականացման գործառոյթի մը բերումով պիտի կատարուի, ապա գումարները պէտք է փոխանցուին այն կառոյցին, որու կալուածը ապասեփականացուած է։ Տուեալ պարագային այդ կառոյցն է Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի խօսքերով, թէեւ գումարները պիտի յանձնուին Պէյքոզի թաղային խորհուրդին, սակայն իրենք կը ձգտին՝ որպէսզի անոնք արժեւորուին թափանցիկ ձեւով եւ ամբողջ համայնքին ի նպաստ։ Պատրիարքական Աթոռն ու համայնքային բոլոր հաստատութիւնները պէտք է կարենան օգտուիլ այդ միջոցներէն։ Նորին Սրբազնութիւնը բացատրեց, որ խորհրդականները օրինական կարգավիճակ մը պիտի ունենան իրենց դերակատարութեան մէջ, սակայն վերադաս պիտի չըլլան Պէյքոզի թաղային խորհուրդէն։ Յառաջիկայ շրջանին գործընթացը տակաւին պիտի հասուննայ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ուրախութիւն յայտնեց, որ մեր համայնքին տեսակէտէ մեծ օգուտներ կրնայ ապահովել այս գործը, որու պարագային մեր աշխարհական վարիչները դրական տրամադրութիւններով եւ համագործակցութեան ոգիով յառաջ կ՚ընթանան։
Մինչ այդ, համայնքային շրջանակներէն ներս լաւատեսութեան տուն տուած այլ իրադարձութիւններ ալ կան այս առումով։ Այսպէս, մասնաւորապէս շրջանառութեան մէջ են լսումներ, ըստ որոնց Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ ակնկալուած հատուցման գումարը արդէն փոխանցուելու վրայ է։ Մայրաքաղաք Անգարայէն անհրաժեշտ հրահանգը տրուած է Իսթանպուլի համապատասխան մարմիններուն, որպէսզի հատուցման գումարը փոխանցուի Պէյքոզի թաղային խորհուրդի հաշուոյն։ Եթէ այդ լսումները ճիշդ են, ու եթէ վերջին վայրկեանին այլ անակնկալներ չծագին, ապա սա կը համարուի վիթխարի յառաջընթաց մը։ Այս լսումները արդէն ա՛լ աւելի ուշագրաւ ու կարեւոր կը դարձնեն Պէյքոզի տարածքի հասոյթի արժեւորման շուրջ համայնքի ներքին խմորումները։ Միեւնոյն ժամանակ կան նաեւ զանազան հարցականներ, որոնց պատասխանները աստիճանաբար պիտի բիւրեղանան յառաջիկային։ Առաջին հարցականներէն մին փաստաբաններու համար նախատեսուած վճարումներու խնդիրն է։ Ցայսօր համայնքէն ներս բազմաթիւ տուեալներ արձագանգ գտած են, թէ փաստաբաններու հետ կնքուած են պայմանագրեր եւ այդ հիման վրայ կարեւոր համեմատութեամբ տոկոսներ նախատեսուած են փաստաբաններուն համար։ Այդ տոկոսներու պարագային լսումները այն աստիճան զգայացունց եղած են, որ նոյնիսկ համապատասխան խնդիրները արծարծուած էին տարեմուտին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին։ Բացի փաստաբաններուն համար կատարուելիք վճարումներէն, էական երկրորդ խնդիրը հատուցման գումարներու արժեւորման եզրն է։ Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ ակնկալուած հատուցման գումարին առընթեր, տակաւին հատուցում մըն ալ կ՚ակնկալուի Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութենէն։ Ըստ համայնքային շրջանակներու լսումներուն, մասնաւոր պատճառ մը չկայ նաեւ այդ հատուցման գումարի չափազանց յապաղման համար։ Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ ակնկալուած հատուցման գումարը, ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, կրնայ կազմել շուրջ 7 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Քաղաքապետարանէն հասնելիք գումարն ալ այդպիսի մակարդակի մը կրնայ հասնիլ։ Ուստի, շատ կարեւոր հարց մըն է, որ այդ հսկայական գումարները ինչպէ՞ս պիտի օգտագործուին։ Այդ հատուցումները որպէս կանխիկ արժէք դրամատան մը մէջ ի պա՞հ պիտի դրուին։ Կարելի պիտի ըլլա՞յ օգտագործել մայր գումարը, թէ ոչ միայն տոկոսները պիտի օգտագործուին։ Մինչ այդ, լաւատեղեակ շըր-ջանակները ունին նաեւ այլ մօտեցում մը։ Այսպէս, ապասեփականացուած կալուածի մը հատուցման գումարով՝ տուեալ հաստատութիւնը պէտք է դարձեալ կալուած մը առնէ եւ այդ կալուածի հասոյթն է, որ պէտք է շահագործուի համայնքին կողմէ։ Հետեւաբար, այս բոլոր հարցականները յառաջիկայ շրջանին տակաւին պիտի բիւրեղանան աստիճանաբար։
Ինչպէս հաղորդած էինք, այսօր յետմիջօրէին Պատրիարքարանի մէջ նախատեսուած է Նախաձեռնարկ մարմնի եւ մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետներու կամ լիազօր ներկայացուցիչներու համատեղ խորհրդակցութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ժողովին կը նախագահէ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Թէեւ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ խնդիրներու քննարկումը նախատեսուած է օրակարգի վրայ, սակայն Պէյքոզի վերաբերեալ վերջին խմորումներուն շուրջ ալ որոշ չափով մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցը-ւին համայնքային շրջանակներուն։