ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԸՆԹԱՑՔ ՏՈՒԱՒ ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԴԻՄՈՒՄԻՆ

Վաքըֆներու խորհուրդը անցեալ Երկուշաբթի օրուան հերթական ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ ունէր Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ կատարուած դիմում մը։ Այսպէս, թաղային խորհուրդը մտադիր է Գուրուչէշմէի այժմ վաղուց անօգտագործելի դարձած գերեզմանատան համայնքապատկան տարածքի կարգավիճակը փոփոխութեան ենթարկելու։ Թաղային խորհուրդը կը փափաքի, որպէսզի այդ տարածքը դադրի բարենպատակ կալուածի կարգավիճակ ունենալէ ու վերածուի հասութաբերի։ Վաքըֆներու խորհուրդը արդէն որոշած է հաւանութիւն տալ թաղային խորհուրդի այս պահանջին։

Խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի գրասենեակը երէկ պաշտօնական հրապարակումով մը հանդէս եկաւ՝ հաստատելով այս զարգացումը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 20, 2017