Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԵՒ ԵՐԷԿ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ վերջերս այցելած էր Երեւան, շաբաթավերջին արդէն վերադարձաւ քաղաքս։ Նորին Սրբազնութիւնը ճամբորդեց Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներով՝ «FlyOne Armenia» ընկերութեան սաւառնակով։ Իր կեցութեան օրերուն ան շփուեցաւ Հայաստանի իր շրջանակէն զանազան դէմքերու հետ։

Քաղաքս վերադարձին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ պատարագեց եւ քարոզեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ արարողութիւնը, որու ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան քարոզը։ Իրեն առընթերակայ էր Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։ Արարողութեան մասնակից հաւատացեալներու շարքին էր մեր համայնքի երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Մարի Խաչատրեանի Ս. Մկրտութեան խորհըր-դակատարութիւնը։ Ան Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած ընտանիքի մը դուստրն է։ Իր կնքահայրը եղաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ այս առթիւ ջերմօրէն շնորհաւորեց մկրտեալ Մարի Խաչատրեանը, զինքը հայրական գուրգուրանքի առարկայ դարձուց եւ անոր համար հայցեց Աստուծոյ ուղեկցութիւնը կեանքի ողջ տեւողութեան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 21, 2022