ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՂԼԱՐՊԱՇԸԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Պաղլարպաշըի գերեզմանատունը։ Խումբին ուղեկցեցան վարժարանի ուսուցչուհիներէն Նաժտա Տեմիրճիօղլու, Թամար Մանկասար եւ Եւգինէ Ինճիտիւզէն։ Խումբ մը ծնողներ ալ միացած էին աշակերտներուն։

Պաղլարպաշըի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս տղաքը կատարեցին շրջայց մը, որու ընթացքին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին մեր մշակոյթին անցեալի մէջ անփոխարինելի ներդրում բերած մեծանուն մտաւորականներու եւ գործիչներու։ Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ նաեւ՝ որպէսզի տղաքը անոնց կեանքին ու գործունէութեան մասին ունենան յաւելեալ տեղեկութիւններ։

Շաբաթ, Ապրիլ 21, 2018