Տ. ԵԶՆԻԿ ՔՀՆՅ. ԿԻՒԶԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու նախկին պոլսահայ Տ. Եզնիկ Քհնյ. Կիւզէլեանը, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր կը պաշտօնավարէ Պրազիլիոյ մէջ։ Սփիւռքի մէջ պաշտօնավարող նախկին պոլսահայ հոգեւորականներու շարքին ամենայայտնիներէն եւ ամենահամակրելիներէն մին է տէր հայրը։ Դժբախտաբար ան վերջին օրերուն քաղաքս այցելեց տխուր պատահարի մը բերումով։ Արդարեւ, ան եկաւ մասնակցիլ տիրամօր յուղարկաւորութեան։ Օգտուելով քաղաքիս մէջ գտնուելու առիթէն՝ երէկ Տ. Եզնիկ Քհնյ. Կիւզէլեան փութաց այցելութեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ զրոյցը, որու ընթացքին տէր հայրը ընդգծեց, որ արդէն 38 տարիներէ ի վեր կը ծառայէ Պրազիլիոյ մէջ։ Ան ոչ միայն հով-ւական աշխատանք կը տանի, այլեւ միեւնոյն ժամանակ կրթական բնագաւառին նուիրուած է։ Տ. Եզնիկ Քհնյ. Կիւզէլեան թէ՛ որպէս հոգեւոր հովիւ եւ թէ որպէս կրթական մշակ պրազիլահայութեան սպասարկութիւն կը մատուցէ անմնացորդ ձեւով։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին տէր հայրը ընդգծեց, որ Պրազիլիոյ մէջ շուրջ 20 հազար հայ կ՚ապրի։ Ճիշդ է, որ սա այդքան մեծ թիւ մը չէ, սակայն համայնքի անդամներու թիւէն անկախ, այնտեղ տարուած աշխատանքը ինքնին ունի վիթխարի բնոյթ։ Պրազիլիոյ մէջ եկեղեցին կը փորձէ աշխոյժ ձեւով հասնիլ ժողովուրդին, կը փորձէ աշակերտութիւնը կապել եկեղեցիին եւ ազգային-եկեղեցական կեանքին։ Ժողովուրդը եկեղեցիին կապելու այս մեծ աշխատանքը կ՚արդիւնաւորուի Տ. Եզնիկ Քհնյ. Կիւզէլեանի մեծ ջանքերով։ Հարկ է նշել, որ տէր հայրը միեւնոյն ժամանակ անմիջական գործակիցներէն մին է Պրազիլիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեանին, որ եւս վերջին տարիներուն նշանակուած ըլլալով իր ամբողջ եռանդը եւ կարողութիւնները շարժման անցուցած է՝ պրազիլահայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքը կենսունակ պահելու համար։

Պրազիլիոյ թեմէն ներս Տ. Եզնիկ Քհնյ. Կիւզէլեանի կողմէ ծաւալուած ողջունելի գործունէութիւնը արդէն ծանօթ է թէ՛ ամբողջ սփիւռքի մէջ եւ թէ պոլսահայութեան մօտ։ Հարկ է նշել, որ տէր հայրը յառաջիկայ երկուշաբթի արդէն կը վերադառնայ Պրազիլիա։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2018