184-ՐԴ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Է­յու­պի Ս. Ե­ղիա ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ար­տա­սո­վոր ո­գե­ւո­րու­թիւն ապ­րուե­ցաւ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ։ Պատ­մա­կան այս ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 184-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ ե­րէկ ե­ռու­զե­ռը զգա­լի էր Է­յու­պի բար­ձուն­քին։ Օ­րուան Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Մի­նաս Քհնյ. Ճի­հան­կիւ­լեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Պերճ Սրկ. Քաջ, Վահ­րամ Սրկ. Լիւ­լե­ճեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Գող­թան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Յով­սէփ Գու­յում­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Կար­պիս Քը­լը­ճեա­նի։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Ս. Պա­տա­րա­գէն վերջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն եւ կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին յա­րա­կից սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեան եւս նա­խա­գա­հեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, իր կող­քին ու­նե­նա­լով Տէր Հայ­րը։ Է­յու­պի Ս. Ե­ղիա ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մի­սաք Կիւլ­լիւք եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին սի­րոյ սե­ղա­նի մաս­նա­կից­նե­րը։

Ա­տե­նա­պետ Մի­սաք Կիւլ­լիւք այս առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լուած­նե­րու վի­ճա­կին շուրջ։ Ան յայտ­նեց, թէ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից քա­նի մը բնա­կա­րան­նե­րը վե­րա­նո­րո­գուած են եւ ա­նոնց վարձ­քե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ Է­յու­պի Ս. Ե­ղիա ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նա­կան ե­կա­մու­տը։ Ըստ Մի­սաք Կիւլ­լիւ­քի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն, ե­կե­ղեց­ւոյ մեր­ձա­կայ­քին 70 մեթր քա­ռա­կու­սի մա­կե­րե­սով տա­րա­ծու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նէր եւ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը շի­նա­րար ըն­կե­րու­թեան մը հետ հա­մա­ձայ­նե­լով այդ տա­րած­քին վրայ բնա­կե­լի շէն­քի մը կա­ռու­ցու­մը ա­պա­հո­վեց։ Այս ծրագ­րին շնոր­հիւ ե­կե­ղե­ցին տի­րա­ցաւ եր­կու յար­կա­բաժ­նի եւ ներ­կա­յիս կը ստա­նայ վարձ­քե­րը։

Է­յու­պի Ս. Ե­ղիա ե­կե­ղե­ցին իր շրջա­նին մէջ ու­նի նաեւ 324 քա­ռա­կու­սի մեթր մա­կե­րե­սով տա­րածք­մը, ո­րու 70 քա­ռա­կու­սի մեթ­րի պա­րա­գա­յին կա­րե­լի է շի­նա­րա­րու­թիւն կա­տա­րել։ «Սո­ֆու­լար եո­քու­շու»ի վրայ կը գտնուի այդ տա­րած­քը, ո­րու պա­րա­գա­յին թա­ղա­յին խոր­հուր­դը եւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը ու­նին ո­րոշ դժուա­րու­թիւն­ներ։ Ե­թէ ա­պա­գա­յին քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը ո­րո­շէ այդ տա­րած­քը ա­պա­սե­փա­կա­նաց­նել, ա­պա ե­կե­ղեց­ւոյ բաժ­նին հա­մար պի­տի վճա­րէ հա­տու­ցում։

Մի­սաք Կիւլ­լիւ­քի ե­լոյ­թէն վերջ շա­րու­նա­կուե­ցաւ յայ­տա­գի­րը, մինչ սի­րոյ սե­ղա­նի շուրջ հա­մախմ­բուած ներ­կա­նե­րը հա­ճե­լի զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջեւ։ Հա­ւա­քոյ­թը ա­ւար­տին հա­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի օրհ­նու­թեան խօս­քով եւ ա­ղօթ­քով։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016