ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՆԱԽԱՃԱՇԸ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒՈՅ ՍԵՄԻՆ

Թոփգաբուի ընտանիքը Ամանորի ընդառաջ համախմբուեցաւ նախաճաշի սեղաններու շուրջ։ Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին բոլոր մարմիններու ներկայացուցիչները ուրախութիւնը ունեցան նոր շրջանի մը սեմին իրարու հետ մէկտեղուելու եւ բարեմաղթանքներ փոխանակելու։ Թոփգաբուի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհակալութեան հակիրճ խօսքով մը, որով իր հերթին կրկնեց բարեմաղթանքներ։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Եգուարդ Հարբութ։

Թաղային խորհուրդը վարժարանի ուսուցչական կազմի անդամներուն համար պատրաստած էր նաեւ նուէրներ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024