ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս Ամանորի ընդառաջ, շաբաթավերջին, ըստ էութեան, համայնքային ընտրութիւններու մարաթոնը եզրափակուեցաւ։ Երկարաշունչ այս գործընթացը դրական պայմաններու ներքեւ հասաւ իր աւարտին եւ մեր բոլոր հաստատութիւնները այլեւս ունին վերանորոգուած մատակարար մարմիններ, որոնք կը վայելեն մեր համայնքի վստահութիւնը եւ ընտրուած են ժողովրդավարական ճանապարհով։ Այս պահու դրութեամբ միակ բացառութիւնն է Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը, որու ընտրութիւնը մետասաներորդ պահուն յետաձգուեցաւ եւ, ըստ կանխատեսումներու, տեսանելի ապագային այդ խնդիրն ալ պիտի հարթուի։ Ուրախառիթ է, որ տարեմուտի դրութեամբ մեր հաստատութիւնները այլեւս ունին վերանորոգ վստահութեան առարկայ դարձած նորընտիր վարիչներ։

Իսթանպուլի Ա. եւ Բ. ընտրաշրջաններէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ղալաթիոյ, Գարակէօզեան Տան, Գալֆաեան Տան, Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեանց, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի եւ Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ընտրութիւնները։ Համայնքային համակարգին կողմէ պաշտօնի կոչուած համատեղ ընտրական մարմինները կազմակերպեցին ու վերահսկեցին այս  քուէարկութիւնները, որոնք անցան պատշաճ մթնոլորտի մէջ, բոլոր չափանիշներուն համապատասխան։ Յիշեալ հաստատութիւններէն որեւէ մէկուն պարագային մրցակցութիւն խնդրոյ առարկայ չէր։ Բացառութեամբ Ս. Խաչ դպրեվանքէն, մնացեալ բոլոր հաստատութիւններուն ընտրութիւնը Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանին մէջ կատարուեցաւ։ Քուէատուփերը զետեղուած էին Ֆէրիգիւղի, Սամաթիոյ, Գուրուչէշմէի եկեղեցիներուն մէջ եւ Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս։ 799 հոգի քուէարկեց այս խորհուրդներուն համար։ Միայն Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան համար քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի Ա. ընտրաշրջանին մէջ, ուր քուէատուփերը զետեղուած էին Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ եւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ։ Այս պարագային ալ 115 հոգի մասնակցեցաւ քուէարկութեան։ Ընդհանուր առմամբ, շուրջ հազար հոգիէ բաղկացեալ զանգուած մը քուէատուփի մօտ փութաց մեր այս կարեւոր հաստատութիւններուն նոր ղեկավարութիւնները ձեւաւորելու համար։

Յառաջիկայ շրջանին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ղեկը պիտի ստանձնէ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած կազմը։ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան գլուխը մնալ պիտի շարունակէ Տիգրան Կիւլմէզկիլ՝ գործակից ընկերներով։ Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ղեկը պիտի ստանձնեն Ալֆրէտ Սունա եւ իր ընկերները։ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան պատասխանատուութիւնը վստահուած է Էօզկիւր Ազատ Տեմիրճիի կողմէ գլխաւորուած կազմին։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի գլուխը կը մնայ Հրանդ Մոսկոֆեան՝ գործակից ընկերներուն հետ։

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին ընտրուեցան նաեւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ եւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նոր ծխական խորհուրդները։ Տիարպաքըրի եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին համար քուէատուփեր զետեղուած էին թէ՛ տեղւոյն վրայ եւ թէ Գումգաբուի մէջ։ Մեր համայնքէն 332 հոգի մասնակցեցաւ քուէարկութեան։ Կեսարիոյ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ընտրութիւնն ալ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ, ուր քուէարկեց 315 հոգի։

 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2022