ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԿՈՂՄԷ

Ուսուցչաց հիմնարկի Կրթական յանձնախումբը ÖRAV-ի հետ համագործակցաբար կազմակերպեց պոլսահայ նախակրթարանի ուսուցիչներուն ուղղեալ «Ուսանող առաջնորդ ուսուցիչ» անուն երկօրեայ աշխատանք մը, որ տեղի ունեցաւ Տատեան վարժարանի մէջ, 16-17 փետրուար 2019, շաբաթ եւ կիրակի օրերը (անցեալ շաբաթավերջին), 09.00-17.00 ժամերուն միջեւ։ Աշխատանքի մասնակցեցան իւրաքանչիւր նախակրթարանէ նախապէս որոշուած երկուքական ուսուցիչներ: Դասախօսութիւնները տրուեցան ÖRAV-ի անդամներուն կողմէ՝ թրքերէն լեզուով:

Աշխատանքը կատարուեցաւ հետեւեալ բնաբաններու մասին.

- Արդիւնաբեր հաղորդակցութիւն (Etkili İletişim) 

- Ընդդիմութիւնը յաղթահարել (Dirençle Baş Etme) 

- Խմբավարել եւ սորվելու առաջնորդել (Takımı Yönetme ve Öğrenme Liderliği) 

- Հոսքի եւ կշռոյթի տեւականութիւն (Akış ve Ritmin Sürekliliği)

- Կանոններ եւ կիրարկելու հանգրուաններ (Kurallar ve Uygulama Adımları) 

- Դժուարին վարքի ղեկավարութիւն (Sorunlu Davranışların Yönetimi)

- Դրական վարքի ամրացում (Olumlu Davranışların Pekiştirilmesi) 

- Չափ եւ գնահատում (Ölçme ve Değerlendirme)

Աշխատանքի բովանդակութիւնը առընչուած էր Կրթական նախարարութեան կողմէ պատրաստուած «Ուսուցչական ասպարէզի ընդհանուր հմտութիւններ»ով եւ կազմակերպուեցաւ Կրթական նախարարութեան արտօնութեամբ:

Հակառակ ծանրաբեռնուած ծրագրին եւ առանց շաբթական արձակուրդի աշխատանքին հետեւելով հանդերձ, մասնակից ուսուցիչներ գոհունակութիւն յայտնեցին կատարուած աշխատանքէն եւ ÖRAV-ի պատրաստութիւններէն:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 27, 2019