ՇԱՀԵԿԱՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ՝ մայրենիի եւ օտար լեզուներու համընթաց ուսուցման օգուտը եւ կարեւորութիւնը տղոց մտային զարգացման մէջ։ Այս խորագրով կազմակերպուած երեկոյթը բացուեցաւ Մարիամ Տրամէրեանի ողջոյնի խօսքով։ Ներկայ էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Մխիթարեան Միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Համայնքային վաքըֆներու հարթակի Կրթական յանձնախումբի համակարգող Նուրհան Փալաքօղլու, մեր վարժարաններէն տնօրէններ, կրթական մշակներ, ինչպէս նաեւ հետաքրքիրներու հոծ բազմութիւն մը։
Երեկոյթի ատենախօսը՝ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան օրուան նիւթը մեկնաբանեց արեւմտահայերէնի ներկայացուցած կարեւորութեան ծիրին մէջ։ «Մենք մեր ձեռքով նեղ կացութեան կը մատնենք արեւմտահայերէնը», ըսաւ ան ու շեշտեց, թէ ժողովուրդի մը կողմէ արտադրուած ամենամեծ փիլիսոփայութիւնն ու երգը լեզուն կը համարուի։ Իր խօսքերով, ժողովուրդները ամենամեծ իմաստունները կը համարուին եւ անոնց կողմէ ստեղծուած լեզուն համազօր է գանձի մը։
Փոքր տարիքէ սկսեալ մատղաշ սերունդին լեզու սորվեցնելու մեթոտաբանութեան վրայ կանգ առաւ Զէքիեան, որ իր մօտեցումներով բաղդատութիւններ ըրաւ արեւելեան եւ արեւմտեան լեզուներուն եւ անոնցմով պայմանաւորուած մտածելակերպին շուրջ։ Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ լեզու մը կարելի չէ պատկերացնել միայն խօսակցական մակարդակի վրայ, որովհետեւ լեզու մը գիտնալու համար անհրաժեշտ է նաեւ գրելն ու կարդալը։ Լեզուի գրաւոր օգտագործման նշանակութիւնը յստակօրէն շեշտադրելով՝ ան կոչ ուղղեց, որպէսզի թրքահայ համայնքի անդամները իրենց զաւակները ուղարկեն հայկական դպրոց։ Այս առանցքին շուրջ խորհրդածելու ժամանակ Զէքիեան յիշեցուց նաեւ, թէ մեր իրականութեան մէջ եկեղեցին ու դպրոցը անբաժանելի են։ Ունկնդիրներուն հետ բաժնելով իր խորհրդածութիւնները՝ ատենախօսը շեշտեց նաեւ, թէ թրքահայ հաւաքականութիւնը այսօր համարկումէ անդին՝ ուծացման ճամբուն վրայ է։ Տեղական այս հանգամանքը Զէքիեան մեկնաբանեց նաեւ ընդհանուր Սփիւռքի տեսանկիւնէն, մատնանշեց անոր ինքնուրոյն դիմագիծն ու տեղը եւ յայտնեց, թէ որքան մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Սփիւռքի ինքնապահպանման կռուանները։
Բանախօսութեան ընթացքին Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան ուշագրաւ տեսակէտներ արտայայտեց նաեւ համակարգիչներու եւ համացանցի ներկայ ժամանակներուն մէջ ստեղծուած իրողութեան։ Արդարեւ, յիշեալ գործօնները ընդհանրապէս կ՚աղքատացնեն լեզուները ու կը փճացնեն լեզուամտածելակերպը։ Այս ամբողջին մէջ հաշուի պէտք է առնել, որ միայն անգլերէնի գործածութիւնը ըստ էութեան պատճառ կը հանդիսանայ այս երեւոյթին, սակայն նիւթը այդքանով սահմանափակ չէ, որովհետեւ համակարգիչներու եւ համացանցի օգտագործման մտայնութիւնը զուտ լեզուական գործօնէն անկախ ընդհանրապէս մտածելակերպի վերաբերեալ ամլութիւններու տեղի կու տան։
Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան բանախօսութեան աւարտին պատասխանեց քանի մը հարցումներու, իսկ աւելի վերջ սրահին մէջ ունկնդիրները աւելի անմիջական ձեւաչափի մը մէջ զրոյցը շարունակեցին իրեն հետ։