ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

Գում­գա­բուի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Ս. Զատ­կի ե­րէ­կուան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի 2015 թուա­կա­նի պիւտ­ճէն։ Ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բին կող­մէ պատ­րաս­տուած տե­ղե­կա­գի­րը ներ­կա­յա­ցուց Պետ­րոս Մար­զուան։ Այս շրջագ­ծով ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցուե­ցան Պատ­րիար­քա­րա­նի մուտ­քե­րուն եւ ել­քե­րուն շուրջ։ Տուեալ­նե­րը թէեւ ման­րա­մասն էին, սա­կայն ա­ռար­կա­յա­կան պատ­կե­րը այն է, որ Պատ­րիար­քա­րա­նը հա­զիւ թէ ինք­նա­բաւ հաս­տա­տու­թեան մը կա­ցու­թեան մէջ է։

Պիւտ­ճէի տուեալ­նե­րու հրա­պա­րա­կու­մէն վերջ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մատ­նան­շեց, թէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը կը փոր­ձէ դառ­նալ կա­յուն հաս­տա­տու­թիւն մը եւ ա­մուր ե­կա­մուտ­նե­րով ե­րաշ­խա­ւո­րուած հիմ­քե­րու վրայ կը ձգտի յա­ռաջ տա­նիլ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Այս հե­ռանկ­րով ստեղ­ծուած է նաեւ «Յո­վա­կիմ 1461» հիմ­նար­կը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ու­նի սահ­մա­նա­փակ ե­կա­մուտ­ներ եւ զուրկ է պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կէ մը՝ առ­կայ փա­կու­ղիին մէջ լու­ծում­ներ գտնե­լու հա­մար ստեղ­ծուած է այս նոր հիմ­նար­կը։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ընդգ­ծեց, թէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը պէտք է լիար­ժէք ձե­ւով դի­մագ­րա­ւէ իր ծախ­սե­րը ու պէտք է մտա­ծէ մեր հա­մայն­քին օ­ժան­դա­կե­լու մա­սին։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016