ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Պատրիարքական Աթոռի Խորհրդակցական մարմինը երէկ յետմիջօրէին ժողով մը գումարեց Գումգաբուի մէջ։ Նիստին նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ բացումին արտասանեց աղօթք մը։ Օրակարգի քննարկումներուն անցնելէ առաջ խորհրդակցութեան մասնակիցները ընդհանուր ամփոփ արժեւորումի մը ենթարկեցին 24 յունիսի ընտրութիւններով Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը։ Բոլորը ողջունելի համարեցին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի վերընտրութիւնը։ Ժողովականները լաւատես էին, որ յառաջիկայ շրջանին ալ փոքրամասնութիւններու եւ յատկապէս մեր համայնքի խնդիրներուն վերաբերեալ հաւանական լուծումներու շուրջ կարելի է զարգացումներ ակնկալել։ Ժողովականները ողջունելի համարեցին նաեւ նորին սրբազնութեան կողմէ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանին ուղարկուած շնորհաւորականը։ Խորհրդակցութեան մասնակիցները Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին նկատառման յանձնեցին, որ յառաջիկային շնորհաւորութեան նպատակով եթէ հնարաւոր ըլլայ քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ հանրապետութեան նախագահին, ապա այդ առիթը անպայման պէտք է օգտագործել նաեւ համայնքային հրատապ հարցերու շուրջ յիշողութիւն թարմացնելու նպատակով։ Նորին սրբազնութեան խորհուրդ տրուեցաւ մասնաւորապէս յաչս պետական աւագանիին արծարծել առկախեալ ընտրութիւններու վերաբերեալ հարցերը։

Այս բաժնէն վերջ նախորդ ժողովի ատենագրութիւնները վերյիշուեցան։ Այդ փուլին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Խորհրդակցական մարմնի նախորդ նիստի ընթացքին՝ մեր համայնքի ընտրողներու ցանկերու արդիականացման ու կատարելագործման ուղղութեամբ կատարուած քննարկումները։ Նորին սրբազնութիւնն ու ժողովականները մասնաւոր գնահատանքով վերյիշեցին նախորդ նիստին մեր համայնքի երիտասարդ վարիչներէն Սարվէն Սերթշիմշէքի կողմէ բերուած մասնակցութիւնը եւ այս հարցին շուրջ իր կողմէ փոխանցուած մանրամասնութիւնները։ Ժողովականները համակարծիք գտնուեցան՝ որպէսզի Սարվէն Սերթշիմշէքի ջանքերով տարուած աշխատանքները ըլլան շարունակական։ Ընտրողներու ցանկերու արդիականացումն ու կատարելագործումը կ՚ենթադրէ մշտական աշխատանք։ Ուստի, Պատրիարքական Աթոռը կը նախատեսէ աստիճանաբար մասնաւոր յանձնախումբ մը ստեղծել այս նիւթին շուրջ ու միշտ օգտուիլ Սարվէն Սերթշիմշէքի պաշարէն։

Խորհրդակցական մարմինը երէկ եւս օրակարգի վրայ ունեցաւ յարակից յանձնախումբեր ստեղծելու խնդիրը։ Վերջին ժողովներուն խորհրդականները միտք կը յոգնեցնեն, թէ ինչպիսի կառուցուածք մը պէտք է ունենալ Խորհրդակցական մարմնի հովանոցին ներքեւ։ Այդ կմախքը արդէն սկսած է հետզհետէ յստականալ։ Նկատի ունենալով, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ երիտասարդութեան նկատմամբ, կը փափաքի մեր նոր սերունդը ազգային-եկեղեցական կեանքին անպայման մասնակից դարձնել՝ այդ յանձնախումբերու պարագային ալ որդեգրուած են համապատասխան առաջնահերթութիւններ։ Առաջին հերթին երիտասարդութեան եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու յանձնախումբեր պիտի ստեղծուին։ Այժմու կանխատեսումներով, որոշ անուններ ալ ճշդուեցան՝ որպէսզի անոնց վերահսկողութեան տակ ստեղծուին համապատասխան յանձնախումբեր։ Պատրիարքարանը յառաջիկայ շրջանին այդ երիտասարդ գործիչներուն հետ շփում պիտի հաստատէ՝ որպէսզի նախատեսուած աշխատանքը շարունակութիւն ունենայ։

Ի շարունակութիւն նախորդ ժողովի խօսակցութիւններուն՝ երէկ եւս օրակարգի վրայ եկաւ Պատրիարքարանի շէնքի ֆիզիքական խնամքի անհրաժեշտութիւնը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խորհրդականներուն ներկայացուց, որ արդէն մեր համայնքէն կարգ մը մասնագէտներու հետ սկսած են խորհրդակցութիւններ ունենալ։ Յամենայնդէպս, նորին սրբազնութիւնն ու խորհրդականները յարմար դատեցին ազգի տան բարենորոգման ծրագրին ներգրաւել մեր համայնքի համապատասխան միակ մասնագիտական խմբաւորումը, որն է ՀԱՅՃԱՐ-ը։ Ուստի, յառաջիկային կը նախատեսուի նախագիծը հասունցնել՝ ՀԱՅՃԱՐ-ի կողմէ տրուելիք խորհուրդներու լոյսին տակ։ Ժողովականները կարեւորեցին մասնագիտական փորձը։

Ժողովը եզրափակուեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքով։ Արձակման փուլին նորին սրբազնութիւնը խորհրդակցութեան բոլոր մասնակիցներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները։

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018