«ՕՍՄԱՆԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԷՊԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՆԱՏՈԼՈՒ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ (1920-1922)»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «İkinci Adam» հրատարակչութենէն լոյս տեսած է հետաքրքրական գիրք մը, որու հեղինակն է մեր համայնքի երիտասարդ համալսարանականներէն Դալար Ներսէսօղլու։ «Օսմանահայ մամուլին մէջ Յունաստանի դէպի Արեւմտեան Անատոլու գործողութիւնը (1920-1922)» կը կոչուի այս գիրքը, որ Դալար Ներսէսօղլուի տոքթորական թեզն է։ Հեղինակը այս թեզը պաշտպանած է Իսթանպուլի համալսարանի Պատմութեան բաժնէն ներս։

Դալար Ներսէսօղլու, որ Էսաեան վարժարանի սաներէն է, գիրքի զանազան բաժիններուն մէջ խոշորացոյցի տակ առած է Յունաստանի ընդլայնումը, որու ամբողջին մէջ անդրադարձ կատարուած է Կրետէի հարցին, Յունաստանի 1909 թուականի յեղաշրջման, Վենիզելոսի իշխանութեան գլուխ գալուն, ինչպէս նաեւ շրջանի հայ մամուլին մէջ Պալքանեան պատերազմի գտած արձագանգին։

Այլ բաժնի մը մէջ լուսարձակի տակ բերուած են Թուրքիոյ ազգային ազատագրական պատերազմի շրջանին արձագանգները հայ մամուլին մէջ։ Հեղինակը մասնաւորապէս ուսումնասիրած է Առաջին աշխարհամարտի եւ Յունաստանի վերաբերեալ հայ մամուլի հրապարակումները, Փարիզի խաղաղութեան համաժողովի եւ Յունաստանի վերաբերեալ հայ մամուլի հրապարակումները եւ նոյնպէս հայ մամուլին մէջ գրուածները Սեւրի դաշնագրին վերաբերեալ։

Մասնաւոր գլուխ մը յատկացուած է հայ մամուլի հրապարակումներուն, որոնք կը վերաբերին Իզմիրի մեծ հրդեհին, Մուտանիայի պայմանագրին, Ա. եւ Բ. Ինէօնիւ պատերազմներուն, Սաքարիոյ Ա. յաղթանակին յաջորդած իրադարձութիւններուն եւ Անկախութեան պատերազմի առանցքային բոլոր իրադարձութիւններուն վերաբերեալ՝ հայ մամուլի հրապարակումներուն։

Դալար Ներսէսօղլուի՝ գիրքի վերածուած թեզին մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հրապարակումներուն՝ որպէս տուեալ ժամանակաշրջանէն վկայութիւն։

Գործը ձօնուած է Թուրքիոյ ազգային ազատագրական պայքարի 100-ամեակին։

Հարկ է նշել, որ վերջերս հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Դալար Ներսէսօղլուն, որ թերթիս խմբագրութեան համար ալ մակագրած էր իր գիրքէն օրինակ մը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2022