ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն, որ ներկայ տօնական շրջանին կը պայմանաւորէ Գատըգիւղի ամբողջ ընտանիքի տրամադրութիւնը։ Իրականութեան մէջ ամբողջ դեկտեմբեր ամիսը վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի ջանքերով նախապատրաստական շրջանի մը վերածուած էր, իսկ վերջին օրերուն հրճուանքը հասաւ գագաթնակէտին։ Երէկ, դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի տօնակատարութիւնը։ Վարժարանը վերածուեցաւ խրախճանքի վայրի մը։ Հանդիսութիւնը պատրաստուած էր ուսուցչական կազմէն Նելլի Պասմաճեանի, Այլին Միրիճանեանի, Դալար Էօնտէրի, Սէրլի Արապեանի, Քլարա Լամպաճեանի, Մատլէն Չաղլայի, Էլիզապէթ Պելէքի, Վերա Հեմենկիւլի, Շիլա Սիլէլեանի, Աննա Սարը Սեչքինի, Մելիսա Թուրաչի, Թամար Մանկասարի, Եւգինէ Ինճիտիւզէնի, Թայիս Մարալի, Գարին Քիւչիւքօղլուի, Էսրա Էօզալփի, Թալին Սալթըլըքի, Լոռի Կիւլպէնկի եւ Քրիստին Տելլալօղլուի ջանքերով։

Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, ծնողներ եւ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լոռին Ունանեանի եւ Եւա Քարամանի։ Զանազան դասարաններէ աշակերտներ յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Արսէն Անդրէասեան, Արտէն Գահվէճիօղլու, Տանիէլ Քոթան, Ալիք Աթաօղլու եւ Արտա Թէքեան մասնաւորապէս գնահատուեցան իրենց նուագներով։

Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու Ամանորի առթիւ կազմակերպուած զոյգ հանդէսներու ընթացքին ալ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան եւ գնահատանքի խօսքերով։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018