ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Կաղանդի հանդէս մը, որու ընթացքին փոքրիկները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան Կաղանդ պապուկի այցելութեամբ։ Օրուան տեւողութեան դպրոցէ ներս ստեղծուեցաւ խրախճանքի մթնոլորտ մը։ Առաւօտուն մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց ծնողներուն առաջնորդութեամբ փութացին դպրոց: Անոնք մեծ յուզում կը կրէին, չէ՞ որ քիչ ետք հանդէս պիտի գային ամանորեան հոյակապ հանդէսով մը, նաեւ դէմ յանդիման պիտի գային Կաղանդ պապուկին հետ: Վարժարանին սրահը ճշգրտութեամբ կը ցոլացնէր կաղանդուան ուրախ ու երջանիկ մթնոլորտը: Բեմին խորքը ձիւնածածկ տնակը կը շողար լոյսերու մէջ: Իսկ անկիւնէն աչք կը քթթէր սիրունիկ, թոմպուլիկ ձիւնամարդը:

Հանդէսին ներկայ էին Հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Մխիթարեան վանատունէն Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, ատենապետ Տքթ. Արման Գամառի գլխաւորութեամբ վարժարանի Մատակարար մարմնի անդամները, հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, տնօրէնութիւնը, ուսուցչաց կազմէն ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ:

Հանդէսը սկիզբ առաւ մանկապարտէզի մեծ դասարանի տղոց ինքնաբուխ ելոյթներով: Անոնք երեք լեզուով՝ հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով արտայայտեցին Նոր տարուայ առթիւ իրենց զգացումները, իրենց ակնկալութիւնները եւ այսպէս՝ ողջունեցին ներկաները: Ապա տղաքը սկսան ներկայացնել Կաղանդի յատուկ խաղ մը:

Չորս փոքրիկ մխիթարեանցիներ չափազանց մտահոգ են իրենց ամանորեայ նուէրներու մասին: Եւ անոնք փոխանակ քնանալու համար անկողին երթալու, ճամբայ կ՚ելլեն դէպի հիւսիսային բեւեռ: Փոքրիկները կը նստին հիւսիսային ճեպընթաց և երկար ճամբորդութենէ մը ետք վերջապէս կը հասնին հիւսիսային բեւեռ: Մինչ այդ՝ անմիջապէս աւելցնենք, որ հանդէսին հրաւիրագիրներն ալ բծախնդրութեամբ պատրաստուած էին ճեպընթացի տոմսակներու ձեւով, քանի որ հանդիսականներն ալ տղոց հետ միասին կը ճամբորդէին դէպի ցուրտ վայրեր: Հոն հիւսիսային բեւեռի բնակիչները մեծ պատրաստութիւններ կը տեսնեն Ս. Ծնունդը տօնելու համար: Նաեւ Կաղանդ պապուկին տան մէջ էլֆերը խիստ զբաղած են նուէրներու կարգադրութեամբ: Փոքրիկները ունին միակ երազ մը. ժամ առաջ գտնել Կաղանդ պապան եւ ստանալ իրենց նուէրները: Եւ անշուշտ այս հաճելի ճամբորդութեան տեւողութեան կը յիշուին մեր աւանդութիւնները, նաեւ հարազատ կերպով կը ներկայացուի Յիսուս Մանուկի ծնունդը:

Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի այս հրահանգիչ խաղին բեմադրութիւնը կը պատկանէր վարժարանի մանկապարտիզպանուհիներէն Թանիա Փաքէրթիքի, Սիպիլ Աւագօղլուի, Ռեհան Եաղեազանի, Մելիսա Իփէքլիի, Մարալ Կիւլպայծառի, Միրելլա Կիւլէրի, նաեւ տրամայի ուսուցչուհի Թալին Կարիպկիւնի: Խաղին հոյակապ բեմայարդարումը գործն էր վարժարանի գծագրութեան ուսուցչուհի Հիւմէյրա Քըլըճի: Իսկ խաղին մէջ մեքենավարի դերով ուղղակի պաշտօն ստանձնած էր վարժարանի մարզանքի ուսուցիչ Ռաֆֆի Քալք: Խաղը համեմուած էր սիրուն պարերով եւ երգերով: Անուշապուրներու, էլֆերու, ճիճիներու պարերը, նաեւ զուտ հայկական պարերը հիացում պատճառեցին ներկաներու մօտ: Կրկին վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Ռեհան Եաղեազանն էր, որ ստանձնած էր պարուսոյցի պաշտօնը: Այս տօնական օրուան բնորոշ հայերէն երգերու համար յատուկ աշխատանք տարած էր վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Շուշան Գալաթաշ, իսկ անգլերէն երգերու պարագային տղաքը մարզուած էին վարժարանի անգլերէնի ուսուցչուհիներ Իլոնա Քիւչիւքրէիսեանի, Փոլին Մավունաճըի եւ Արլին Եըլտըզի հսկողութեամբ: Վերջապէս հանդէսին լոյսի եւ ձայնի սարքաւորումէն պատասխանատու էր Արման Ծատուր:

Տղոց ելոյթներուն յաջորդեց Կաղանդ պապուկին սրահ մուտքը նախակրթութեան տնօրէնուհի Գաթիա Վարկըի ընկերակցութեամբ: Բոլոր ներկաներուն Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան կրկնակ տօները շնորհաւորելէ ետք Գաթիա Վարկը մասնաւորաբար շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերած էին յայտագրին իրականացման: Իսկ սրահին մէջ խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ Կաղանդ հայրիկը իր խոշոր պարկէն հանած նուէրները մէկիկ-մէկիկ բաժնեց աշակերտներուն: Անշուշտ մանկապարտէզի փոքրիկներն ալ երգերով, ոտանաւորներով եւ ծափողջոյններով է որ դիմաւորեցին ծերուկ պապուկը:

Վարժարանին միւս դասարաններն ալ անշուշտ անմասն չմնացին Կաղանդ պապուկին բարիքներէն: Անոնք ալ իրենց կարգին ստացան իրենց նուէրները: Անոնք երգեցին, պարեցին, զուարճացան լիուլի վայելելով կաղանդուան բացառիկ խնդութիւնը:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018