ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի, որ դպրաց դասու նախագահն է։

Ներկայ տարեմուտին Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան աւանդական համերգը։ Յայտագիրը պիտի գործադրուի Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։ Ուստի, ձեռնարկին ընդառաջ վարչայինները Գումգաբու փութացած էին ստանալու համար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի գործունէութեան մասին։ Ան տեղեկացուց, որ կը նախատեսէ նախագահել համերգին։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը կրկնեց յաջողութեան մաղթանքները։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2022