ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գումգաբուի մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած տարեմուտի աւանդական մանկանց խրախճանքը։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը՝ հովանաւորութեամբ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Պոլսահայ համայնքային վարժարաններէն բազմաթիւ մանուկներ մասնակցութիւն բերին այս խրախճանքին՝ իրենց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն հետ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի հանդիսավարութեամբ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան սրահ մուտք գործեց՝ մանուկներու կողմէ միասնաբար երգուած շարականով։ Շուրջ երկու ժամ տեւեց խրախճանքը, որու ընթացքին աշակերտներ հանդէս եկան պարերով, արտասանութիւններով եւ երգերով։ Իւրաքանչիւր վարժարանէ ներկայացուցիչ աշակերտական խումբեր հերթով փութացին նորին սրբազնութեան մօտ եւ անոր յուշանուէրներ յանձնեցին Ամանորի առթիւ։ 

Ելոյթներէն վերջ խօսք առաւ ընդհանուր փոխանորդը, որ գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք կազմակերպած էին այս իւրայատուկ խրախճանքը։ Նորին սրբազնութիւնը սոյն հանդիսութիւնը համարեց իւրայատուկ եւ ուրախութիւն յայտնեց այս աւանդութեան անխափան շարունակուելուն բերումով։ Ան կանգ առաւ նաեւ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին վրայ։ Փոքրիկներուն հակիրճ բացատրութիւններ տալու առընթեր, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յորդորեց, որ անոնք միշտ մնան նոյն խանդավառութեան մէջ, կապուած ըլլան իրենց եկեղեցիին, վարժարանին եւ մասնաւորաբար հայ-քրիստոնեայ ինքնութեան։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մաղթեց, որ Աստուծոյ Աջը միշտ պահապան ըլլայ մեր փոքրիկներուն։

Աւելի վերջ երգերու եւ ծափերու տարափի ներքեւ սրահ մուտք գործեց Կաղանդ պապուկը ու բեմ բարձրանալով ողջագուրուեցաւ ընդհանուր փոխանորդին հետ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Կաղանդ պապուկին թողեց իր աթոռը եւ հրաժեշտ առաւ սրահէն։ Տարեմուտի առթիւ Կաղանդ պապուկն ալ թելադրութիւններ ըրաւ մանուկներուն եւ զանոնք հրաւիրեց ըլլալ հաւատարիմ ու հնազանդ զաւակներ՝ իրենց ծնողներուն, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին համար։ Կաղանդ պապուկը մաղթեց, որ անոնք մեր համայնքի յաջող ու պատուաբեր զաւակները դառնան։

Իր խօսքէն վերջ Կաղանդ պապուկը նուէրներ բաժնեց բոլոր մանուկներուն, որոնք մի առ մի իրեն մօտենալով ստացան տոպրակներ, որոնք լեցուն էին քաղցրաւենիքներով։  

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019