ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Պելինտա Մըխճըօղլու հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Տղաքը տօնական շրջանի բնորոշ խմբերգներով մասնակցութիւն բերին յայտագրին։ Ներկայ էին Սամաթիոյ ընտանիքէն վարիչներ, դպրոցի ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, աշակերտներու ծնողներ եւ այլ հիւրեր։ Մանկապարտէզի փոքրիկներն ալ մասնակից դարձան հանդէսին եւ ուրախակից՝ տօնական մթնոլորտին։ Յայտագրին մաս կազմեցին թէ՛ Նոր տարուան եւ թէ՛ Սուրբ Ծննդեան խորհուրդներուն բնորոշ զանազան երգեր, պարեր եւ այլ ելոյթներ։ Հուսկ, Կաղանդ պապուկի ժամանումով խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2023